Իրանի մէջ բնական աղէտ Իրանի մէջ բնական աղէտ 

Ֆրանչիսկոս Պապ նիւթական օգնութիւն տրամադրեց Իրանի մէջ ջրհեղեղէն տուժածներուն:

100 հազար Եւրօ Իրանի մէջ ջրհեղեղէն տուժածներուն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Անցնող երկու շաբաթներուն ընթացքին Իրանի Հիւսիս- արեւելեան շրջաններուն մէջ տեղացած է եւ դեռ կը շարունակէ տեղալ յորդառատ անձրեւ. յառաջացած է ահռելի հեղեղ, որ պատճառած է աւերներ եւ մահացու դէպքեր: Տուժածներուն օգնութեան հասած են զանազան երկիրներ, որոնց շարքին նաեւ Հայաստանը:

Ունկնդրէ լուրը

Աւելի քան 10 միլիոն մարդիկ զրկուած են իրենց բնակարաններէն եւ գրեթէ 2 միլիոն անձեր կարիք ունին խնամակալութեան շտապ օգնութեան եւ մինչեւ այսօր արձնագրուած է 77 մեռեալ եւ 1070 վիրաւորներ:

Ֆրանչիկսոս Պապ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ժողովին միջոցաւ 100,000 եւրօ նիւթական օգնութիւն տրամադրեց բնական աղէտէն տուժածներուն՝ անոնց անմիջական կարիքները հոգալու համար:

Սոյն նիւթական օգնութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ իր հոգեւոր մօտիկութիւնը կը յայտնէ Իրանի մէջ բնական աղէտէն տուժած ժողովուրդին:  

Ֆրանչիսկոս Պապին տրամադրած  նիւթական օգնութիւնը,  Իրանի մէջ  պիտի բախշուի  խնամակալութեան շտապ օգնութեան ամենէն  շատ  կարիք ունեցող մարդոց,  համագործակցութեամբ Իրանի մէջ Պապական նուիրակին:

Նշենք,  թէ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փարոլին, անցեալ շաբաթ, Ֆրանչիսկոս Պապին անունով ցաւակցական գիր յղեց Իրանի Պետութեան,  որուն մէջ Նորին Սրբութեան ցաւակցութիւնները յայտնեց բնական աղէտի զոհերուն համար ապահոցնելով նաեւ ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքը շտապ օգնութեան փութացող բոլոր մարդոց: 
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/04/2019, 14:04