Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը Սան Քարլօ վարժարանի աշակերտներուն եւ

Վարժարանը իր գործունէութիւնը սկսած է 1869 թուականիննպատակ ունենալով «կազմաւորել հարուստ հոգիով եւ առողջ մշակոյթով անձեր»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 ապրիլ 2019-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Միլանի Սան Քարլօ վարժարանի ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն, վարժարանի հիմնադրութեան եւ գործունէութեան 150-րդ տարեդարձին առթիւ։

Ունկնդրէ լուրը

Սան Քարլօ վարժարանը իր գործունէութիւնը սկսած է 1869 թուականին որպէս նպատակ ունենալով «կազմաւորել հարուստ հոգիով եւ առողջ մշակոյթով անձեր՝ զանոնք պաշտպանելով անբարոյութիւններէն»։

Ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետին ուղղուեցան չորս հարցումներ՝ աշակերտի մը, ուսուցչուհիի եւ աջակից ուսուցչուհիի մը ու վարժարանի ծնողաց խորհուրդի նախագահի կողմէ։

Առաջին հարցումը կը հայէր մարդկանց միջեւ եւ անոնց կեանքի պայմաններու միջեւ անհաւասար տարբերութիւններուն, որուն պատասխան տալով Սրբազան Քահանայապետը հաստատեց թէ «Աստուած ոչ մի տարբերութիւն կը դնէ մարդոց միջեւ։ Յիսուս՝ Աստուծոյ Որդին խաչին վրայ մեռաւ բոլոր մարդիկը փրկելու համար»։

«Ան զարտուղութիւն չի դնէր, զարտուղութիւնը մարդկային բնոյթին կը պատկանի» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը,  հուսկ նշեց թէ  աշխարհի մէջ կան հարցումներ որոնք պատասխան չունին, ու այդ հարցումները կարող են աճեցնել մեզ «խորհուրդի» ճանաչողութեան մէջ, այս խիրէն ներս  ակնարկելով նաեւ աշխարհի մէջ գոյութիւն ունեցող տարբեր չարիքներուն ու պատերազմներուն ու հաստատելով թէ այդ ալ կախեալ մեր՝ մարդոց կամքէն, ու մատնանշելով թէ Սուրիոյ մէջ պատերազմը, կախեալ է Եւրոպայի երկիներէն, որոնք զէնք կը վաճառեն, որոնք ապա կը ծառայեն մանուկներու սպանութեան, Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց ներկաներուն՝ անվախ ու բացայայտօրէն յայտարարելու այդ մէկը։

Սրբազան Պապը պատասխանելով երկրորդ հարցումին թէ ի՞նչպէս այսօր ուսուցիչ մը կարող է աշակերտին փոխանցել քրիստոնէական  արժէքները ու զանոնք հաշտեցնել այլ մշակոյթներու հետ հանդիպումի ու բաղդատութեան դաստիարակութեան հրատապ պահանջին, շեշտեց հանդիպումի մշակոյթի եւ ուրիշի հետ երկխօսութեան կարեւորութիւնը,  որուն նախադրեալը համարեց սեփական պատմութեան եւ ինքնութեան իրազեկ  ըլլալը՝ արմատները։

«Յիսուսին աշակերտը այն է որ մշտապէս կը ձգտի ուրիշի հետ հանդիպելու, անոր հիւրընկալութիւն մատուցելու ու երկխօսելու մարդոց հետ, վկայելով ՝ Յիսուսին հետ հանդիպումին շնորհիւ բարեփոխուած կեանքի փորձառութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը նշելով «Երկխօսութեան մշակոյթը կը ներառէ անկեղծ յանձնառում ուրիշին մէջ ճանչնալու վաւեր խօսակից մը, որ մեզի կարելիութիւն կու տայ օտարականին, գաղթականին, այլ մշակոյթի կամ կրօնի պատկան անձին նայելու որպէս ենթակայ մը որ պէտք է ունկնդրել, նկատի առնել ու արժեւորել»։

Կարելի չէ պատեր կառուցել այլ պէտք է կամուրջներ կառուցել ըսաւ Նորին Սրբութիւնը որովհետեւ կամուրջները հաղորդակցութեան առիթ են մինչ պատերը անհաղորդակից կը դարձնեն մեզ։

Ասոր համար ձեզ կը խրախուսեմ ձեր աշակերտներուն դաստիարակել ու սորվեցնել «հանդիպումի մշակոյթը» որ հակառակ է «անտարբերութեան մշակոյթին» որ կը ջանայ քանդել մարդը եւ որմէ յառաջ կու գան ծայրայեղական եւ մոլեռանդական կամ աղանդական շեղումները։

Քահանայապետը պատասխանելով երրորդ հարցումին թէ ի՞նչպէս կարելի աջակցիլ աշակերտներուն ան նշեց թէ կարեւոր է նախ եւ առաջ վկաներ դառնալ ու այդ աջակցութեան մէջ ներգրաւել մեր անձերը, «աջակցութիւնը պէտք է ըլլայ վկայութեամբ, կեանքի ապրելակերպով, ոչ թէ խօսքով» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, այս ծիրէն ներս շեշտը դնելով նաեւ «սիրոյ» վրայ ու այդ սիրոյ ոճին վրայ՝ քնքշութիւն, շոյանք, մօտիկութիւն։

Դաստիարակել կը նշանակէ նաեւ երիտասարդները մղել ծրագիրներ մշակելու ու ոչ թէ միայն «տեղեր ու դիրքեր գրաւելու» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ  հաստատելով նաեւ թէ դաստիարակը կանչուած է, սիրով մասնակցելու պատանիներու եւ երիտասարդներու կեանքին, հետաքրքրուելով անոնց հարցերով։

Ի վերջոյ պատասխանելով Վարժարանի ծնողներու խորհուրդի նախագահի հարցումին թէ ի՞նչ դեր ունենալու են ծնողները իրենց զաւակներու դաստիարակութեան ծիրէն ներս, Քահանայապետը նախ շեշտը դրաւ մօտիկութեան վրայ։ «Մանուկները կարիքը ունին մօտիկութեան եւ ողջագուրումի» ըսաւ Սրբազան Պապը թելադրելով մօտիկութիւն ցուցաբերել մանուկներուն, մինչ պատանիները կարիքը ունին քաջալերանքի։ «Այսպէսով մինչ մանուկներուն ուշադրութիւն կը տանիք որ գետին չիյնան, երիտասրադներուն պէտք է թոյլ տաք որ իյնան, որպէսզի այն անկումէն դաս առնեն եւ աճին» ըսաւ  Սրբազան Քահանայապետը,դիտել տալով որ  «վեր կանգնելու արուեստը գետին իյնալը չէ այլ գետին չի մնալն է»։ Ան ապա հրաւիրեց երիտասարդները միասին քալելու, հասարակութեան հետ ու բոլոր ներկաները հրաւիրեց միասին աղօթելու՝  «մէկը միւսին համար ու նաեւ ինծի համար» ըսաւ Սրբազան Պապը աւարտելով իր խօսքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/04/2019, 13:00