Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ Սուրբ Յովհաննէս ԻԳ պապերուն սրբադասման 5-րդ տարեդարձը:

Երկու Սուրբեր, որոնք կարողացան Տիեզերական Կաթողիկէ եկեղեցին առաջնորդել՝ աճեցնելով զայն:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Այսօր՝ 27 ապրիլ 2019-ին, կը նշուի Տիեզերական կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ շատ սիրուած, սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ եւ սուրբ Յովհաննէս ԻԳ երկու Պապերուն սրբադասման արարողութեան 5-րդ տարեդարձը , որ տեղի ունեցաւ , կիրակի 27 ապրիլի 2014-ին, Աստուծային Գթութեան տօնին օրը, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցուած Սուրբ Պատարագին արարողութեան ընթացքին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապը: 

Աւելի քան կէս միլիոն հաւատացեալներուն մասնակցութեամբ, սրբադասման արարողութեան ընթացքին ֆրանչիսկոս Պապը երկու նոր սուրբերը ներկայացնելով ըսաւ « ահաւասիկ երկու քաջարի մարդիկ , որոնք քաջութիւնը ունեցան Յիսուսի վէրքերուն նայելու, Անոր խոցուած կողին ու ձեռքին վէրքերուն դպչելու: Երկու քաջ մարդիկ, որոնք երբեք չ՝ամչցան Յիսուսի միսէն, չգայթակղեցան Քրիստոսէ ու Անոր խաչէն : Երկու Սուրբեր որոնք չամչցան իրենց եղբօրը միսէն, որովհետեւ իւրաքանչիւր տառապող անձի մէջ Յիսուսը կը տեսնէին:
Յովհաննէս Պօղոս Բ Եւ Յովհաննէս ԻԳ երկու սուրբ Պապերը գիտցան նայիլ ու սիրել: Անոնք լիացած Սուրբ հոգիին զօրութեամբ , յոյսով ու ուրախութեամբ, կրցան աշխարհին եւ եկեղեցւոյ վերադարձնել  Աստուծմէ ստացած բոլոր պարգեւները: ըսաւ ֆանչիսկոս Պապ այդ առթիւ արտասանած քարոզին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/04/2019, 10:25