Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

28 ապրիլի “Ուրախ Լեր” Մարեմեան աղօթքի Քահանայապետական խորհրդածութիւնը։

Սուրբ Զատկուայ այս երկրորդ կիրակին մեզ կը հրաւիրէ հաւատքով մօտենալու Քրիստոսի մեր սիրտը բանալով խաղաղութեան, ուրախութեան եւ առաքելութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 28 ապրիլ 2019-ի կէսօրին աւանդութեան համաձայն ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ Ուրախ Լեր Մարեմեան աղօթքը Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ։

Ունկնդրէ լուրը

Աղօթքի ընթացքին, մեկնաբանելով օրուան աւետարանը, քաղուած Յովհաննէսի Աւետարանէն (Գլ 20, 19-31) ուր առաքեալը կը պատմէ Յիսուսին Յարութենէն ետք վերնատան մէջ անոր իր աշակերտներուն երեւման դրուագը, Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ այդ երեւումի ընթացքին Յիսուս  անոնց շնորհեց երեք պարգեւներ. Խաղաղութիւն, ուրախութիւն եւ առաքելական առաքելութիւնը։

Յիսուսին առաջին բառերը եղան “խաղաղութիւն ձեզի”. Յարուցեալը արդարեւ կը պարգեւէ իսկական խաղաղութիւնը որովհետեւ խաչին վրայ իր զոհաբերումով Ան իրականացուց Աստուծոյ ու մարդկութեան միջեւ հաշտութիւնը ու յաղթեց մահուան եւ մեղքին։ Աշակերտները առաջիններն էին որոնք կարիքն ունէին այդ խաղաղութեան, որովհետեւ իրենց Տիրոջ ձերբակալութենէն ու մահէն ետք մխրճուած էին վախի եւ խառնաշփոթութեան մէջ եւ ահա Յիսուս`  որպէս իր յաղթանակի պտուղ անոնց կը շնորհէ խաղաղութիւնը։

Այդ գիշեր սակայն Թովմաս առաքեալը բացակայ էր ու հակառակ որ աշակերտները անոր կը պատմեն պատահածը ան կը պահանջէ անձնապէս ստուգել ճշմարտութիւնը եւ  ահա Յիսուս մէկ շաբաթ ետք դարձեալ կ՛երեւնայ անոնց ու Թովմասը կը հրաւիրէ դպչիլ իր վէրքերուն։ Վէրքերը որոնք կը կազմեն խաղաղութեան աղբիւրը որովհետեւ նշանն են Յիսուսին անհուն սիրոյն որով Ան յաղթեց մահուան, չարին ու մեղքին։

Յիսուսին երկրորդ պարգեւը եղաւ ուրախութիւնը։ Աշակերտները արդարեւ տեսնելով Յիսուսը ուրախութենէ հրճուեցան։ Զատկուան ժամանակաշրջանը ուրախութեան ժամանակ է. Յիսուսին Յարութիւնը մեր ուրախութեան ամենամեծ պատճառն է։ “Անոր մահուան ու Յարութեան շնորհիւ մեր կեանքը յատկանշուեցաւ դրականութեամբ եւ յոյսով եւ այս մէկը մեզի համար իսկական ուրախութեան պատճառ է” ըսաւ Սրբազան Պապը եւ ակնարկեց երրորդ պարգեւին` “առաքելութիւնը”: Յիսուս կ՛ըսէ «այնպէս ինչպէս Հայրը զիս ղրկեց, ես ալ ձեզ կը ղրկեմ»։

«Յիսուսին Յարութիւնը սիրոյ նոր  շարժականութիւն է, որ կարող է Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ կերպարանափոխել աշխարհը։ Եւ այդ սէրը կը տարածուի առաքեալներու ու անոնց յաջորդներուն միջոցաւ ու նաեւ բոլոր միւս հաւատացեալներուն միջոցաւ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով որ՝ «Ամէն մէկ մկրտեալ կանչուած է փոխանցելու խաղաղութեան եւ ուրախութեան Աստուածային պարգեւները, ամէն մին իր կոչումին համաձայն, շարունակելով Յիսուսին փրկագործ առաքելութիւնը»։

Սուրբ Զատկուայ այս երկրորդ կիրակին մեզ կը հրաւիրէ հաւատքով մօտենալու Քրիստոսի մեր սիրտը բանալով խաղաղութեան, ուրախութեան եւ առաքելութեան որ է Աստուածային  Ողորմութեան հռչակումը, անոր փոխակերպող ու մեղքերուն թողութիւն շնորհող սիրոյ ուրախ վկայութիւնը։ 

«Թող որ Հոգին Սուրբ առաջնորդէ եւ թիկունք կանգնի Եկեղեցւոյ առաքելական գործունէութեան,  եպիսկոպոսները, քահանաներն, օծեալներն ու մկրտեալները հաւատարիմ պահելով իրենց կոչումին։ Այս աղօթքը յանձնենք Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին` աշխարհի ու երկնքի թագուհիին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակելով խորհրդածութիւնը։.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/04/2019, 12:07