Մուհամմէտ Զ անուան կրթական կառոյցը: Մուհամմէտ Զ անուան կրթական կառոյցը: 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը Մուհամմէտ Զ Թագաւորին ու անոր անուան կեդրոնին:

Մուհամմէտ Զ թագաւորը հիմնադիրը եղած է նաեւ իր անունը կրող իմամներուն, քարոզիչներուն կազմաւորումին Մուհամմէտ Զ անուան կրթական հաստատութեան:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Մարոք կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Նորին Սրբութիւնը շաբաթ, 30 մարտ,  2019-ին՝ յետմիջօրէին, ժամը 4-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Մարոքի թագաւոր Մուհամմէտ Զ -ին։
Մուհամմէտ Զ թագաւորը, Ալաուիթ գերդաստանի 23-րդ թագաւորը կը համարուի, որոնց թագաւորութեան շրջանը սկիզբ առած է 17 դարուն: Մուհամմէտ Զ զաւակն է վախճանեալ Հասան Զ թագաւորին: Ան ծնած է Ռապաթ՝ 1963-ին: Մուհամմէտ Ե անուան համալսարանին մէջ ուսանած է իրաւագիտութիւն եւ քաղաքագիտութիւն: Մուհամմէտ Զ, թագաւորութեան գահին բարձրացած է 30 յուլիս 1999-ին: Ամուսնացած է Լալլա Սալմա իշխանուհիին հետ եւ ունի երկու զաւակ:

Ունկնդրէ լուրը

Մուհամմէտ Զ թագաւորը հիմնադիրը եղած է նաեւ իր անունը կրող իմամներու, քարոզիչներու կազմաւորումի Մուհամմէտ Զ անուան կրթական հաստատութեան: Համասլարանը ծնունդ առած է իբր ուսումնավայր, հանդուրժող իսլամութեան խթանման ի սպաս եւ բաց ու տրամադիր է աշխարհի այլ կրօններուն նկատմամբ,  հակադարձելու համար ծայրայեղ եւ բռնի իսլամական գաղափարապաշտութեան:

Մուհամմէտ Զ թագաւորը, 2003 թուականին, Քազապլանքայի մէջ տեղի ունեցող ահաբեկչական արարքէն ետք, ամրապնդած է կրթական բոլոր հաստատութիւնները, կրօնական գրասենեակները եւ հետազօտական կեդրոնները, պայքարելու համար ծայրայեյղ իսլամականներուն դէմ:
Ան ծանր պայքար մղած է նաեւ երիտասարդներուն մեկուսացման երեւոյթին դէմ եւ ձեռնարկած է ահաբեկչութիւն ու բռնարար գաղափարախօսութիւն՝ ջատագովական կատարողները պատժելու ուղին:
Մուհամմէտ Զ համալսարանը  իր հիմնադրութենէն  վեր ընկալած է Ափրիկէէն, Եւրոպայէն եւ աշխարհի զանազան վայրերէն հարիւրաւոր իմամներ ու քարոզիչներ: Ան Կրթական կեդրոն ըլլալէն զատ, կը նպաստէ նաեւ իսլամական համալսարաններու միջեւ գործակցութեան հոլովոյթին,  ինչպէս նաեւ կը հիւրընկալէ ազգային, միջազգային գիտաժողովներ ու համագումարներ:

Ֆրանչիսկոս Պապ շաբաթ, 30 Մարտին՝ երեկոյեան, նախ քան Քարիթասի գաղթականներու կեդրոն այցելելը,  Թագաւորին հետ միասին մասնակցեցաւ Մուահամմէտ Զ կազմաւորական կեդրոնի մէջ կայացած ուսանողներու մէկ հանդիպումին,  որուն ընթացքին ցուցադրուցեաւ տեսերիզ մը,  հուսկ՝ խօսք առաւ կրօնական հարցերու նախարարը,  ապա տեղի ունեցան վկայութիւններ ու գեղարուեստական բաժնի մէկ ներկայացում:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 17:21