Ստրկութիւն պատեկրացնող լուսանկար: Ստրկութիւն պատեկրացնող լուսանկար:  

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 մարտի թուիթները:

Անծին երեխաներու եւ արդի ստրկութեան զոհերուն ի յիշատակ միջազգային օրերու առիթով:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

25 մարտ 2019ին, ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց երկու թուիթներ՝ առաջինը  անծին երեխաներու միջազգային օրուան առթիւ, որուն մէջ Նորին Սրբութիւնը արժեւորեց իւրաքանչիւր մարդ էակի կեանքի փրկութիւնը, դիտել տալով, որ իւրաքանչիւր անհատ արժանի է Քրիստոսի արեան :

«Կ՝արժէ ընկալել իւրաքանչիւր կեանք , որովհետեւ ամէն մէկ անհատ արժանի է Քրիստոսի նոյնինքն արեան: Կարելի չէ արհամարհել այն ինչ, որ Աստուած շատ սիրեց:» Գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ :

Երկրորդ թուիթը ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց արդի ստրկութեան զոհերուն ի յիշատակ միջազգային օրուան առիթով:
«Այսօր՝ մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք արդի ստրկութեան զոհերը: Անոնց տառապանքը թող մեզ մղեն պայքարելու այդ անմարդկային վէրքերուն դէմ »:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/03/2019, 17:00