Ալապամայի մէջ զօրեշ փոթորիկի պատճառած վնասներ Ալապամայի մէջ զօրեշ փոթորիկի պատճառած վնասներ 

Ֆրանչիսկոս Պապի ցաւն ու կսկիծը Ալապամայի մէջ զօրեղ փոթորիկի պատճառած զոհերուն ի լուր:

Զօրեղ փոթորիկի պատճառաւ, արձանգրուած է 23 զոհ եւ տասնեակ վիրաւոներ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է իմանալով Միացեալ նահանգներու Ալապամա քաղաքին մէջ ուժեղ փոթորիկի պատճառած զոհերուն եւ բազմաթիւ վիրաւորներուն Լուրը: Այս մասին գրած է, չորեքշաբթի, 6 մարտին, Վատիկանի Պետական քարտուղար, Կարդինալ Փարոլին, յանուն ֆրանչիսկոս Պապին Միացեալ Նահանգներու Մոպիլ թեմի արքեպիսկոպոս, Գերապայծառ Ռոտի յղած հեռագիրին մէջ՝

Ունկնդրէ լուրը

Կարդինալ Փարոլին գրած է
Ֆրանչիսկոս Պապ խորապէս տխրած է մարդկային կեանքի ողբերգական կարուստի եւ վիրաւոներուն համար՝ որոնք թիրախ դարձան Միացեալ նահանգներու մէջ զօրեղ փոթորիկին, որ հարուածեց Ալապամա քաղաքը:
Նորին Սրբութիւնը իր անկեղծ զօրակցութիւնը կը յայտնէ բնական աղէտէն տուժուածներուն, աղօթք բարձրացնելով առ Աստուած, որպէսզի ամենակալը յաւիտենական հանգիստ պարգեւէ զոհերուն, յատուկէն մանուկներուն ինչպէս նաեւ ապաքինում ու սփոփանք վիրաւորներուն եւ բոլոր անոնց որոնք կը տառապին պատահած աղէտէն: Նորին Սրբութիւնը աստուածային զօրութեան եւ խաղաղութեան օրհնութիւնները կը հայցէ բոլորին համար:»
Յայտնենք թէ Ալապամա քաղաքին մէջ զօրեղ փոթորիհի հետեւանքով արձանագրուած է 23 զոհ որոնց, շարքին երեք մանուկներ եւ տասնեակ վիրաւորներ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/03/2019, 10:04