Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լաթուիայի Նախագահին Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լաթուիայի Նախագահին 

Ֆրանչիսկոս Պապ ունկնդրութիւն շնորհեց Լիթուայի Նախագահին։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Սուրբ Աթոռն ու Լիթուայի հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցաող բարի յարաբերութիւններու մասին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդագրութեամբ կը տեղեկացուի որ այսօր՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց  Լիթուայի Հանրապետութեան նախագահ Տիկին Տալիա Կրոպաուսքայթէին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական Քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր զրոյցներու ընթացքին գնահատանք արտայայտուեցաւ Սուրբ Աթոռին ու Լիթուայի  հանրապետութեան միջեւ գոյութիւն ունեցող բարի յարաբերութիւններու մասին ու Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ տուած դրական սատարին ի նպաստ Լիթուայի  ընկերութեան, յիշելով նաեւ Սրբազան Քահանայապետին վերջերս Երկիրն տուած այցելութիւնը՝ 2018-ի Լաթուիայի անկախութեան հարիւր ամեակին առթիւ։ Արծարծուեցան նաեւ Երկիր քաղաքական ու ընկերային իրավիճակին հայող մի քանի նիւթեր հուսկ զրոյցները կեդրոնացան միջազգային բնոյթ ունեցող հարցերու շուրջ, ինչպէս  խաղաղութիւնն ու անվտանգութիւնը ու Եւրոպայի ու տարածաշրջանի մէջ զանազան մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար, աւելի մեծ զօրակցութեան անհրաժեշտութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/03/2019, 13:26