ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը գաղթականներուն հետ ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը գաղթականներուն հետ  

ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումը գաղթականներուն հետ ու անոնց ուղղած ճառը:

Ամէն մարդ ունի կեանքի իրաւունք, ամէն մարդ ունի երազելու իրաւունքը, ինչպէս նաեւ հասարակաց տան մէջ իր տեղը գտնելու իրաւունքը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 30 մարտին՝ երեկոյեան, Մարոք կատարած այցելութեան ծիրէն ներս,  Ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ Ռապաթ թեմի Քարիթասի կեդրոնատեղիին մէջ գտնուող գաղթականներուն հետ:
Հանդիպումին սկիզբը խօսք առաւ Թանճերին թեմի արքեպիսկոպոսը, ապա կեդրոնատեղիին գաղթականներէն մին վկայութիւն տուաւ իր կեանքին մասին, որմէ ետք ներկայացուեցաւ գեղարուեստական փոքրիկ յայտագիր մը:
Գեղարուեստական յայտագիրի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներուն ուղղած ճառին մէջ, Մարոք կատարած այցելութիւնը առիթ նկատեց արտայայտելու իր մօտիկութիւնը բոլոր անոնց, որոնք կը դիմագրաւեն մեծ ու ծանր վէրքեր,  ըսաւ Սրբազան Հայր աւելցնելով «չենք ուզեր որ մեր անտարբերութիւնն ու լռութիւնը՝ մեր խօսքը հանդիսանան» ընդգծելով «ոչ մէկը կարող է անտարբեր մնալ այդ ցաւին դիմաց»:

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհակալութիւն յայտնելով գաղթականներով զբաղող ընկերակցութիւններուն ընդգծեց,  թէ բոլորս  կանչուած ենք պատասխանելու ժամանակակից գաղթականութենէն ներկայացուած անթիւ մարտահրաւէրներուն՝ վեհանձնութեամբ, իմաստութեամբ ու խոհեմութեամբ, իւրաքանչիւր անձ իր սեփական կարողութիւններուն համաձայն:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկեց Մարաքեշ քաղաքին մէջ գումարուած միջ-կառավարական համագումարին , վաւերացնելու համար անվտանգ, կանոնաւոր, օրինաւոր գաղթականութեան  համաշխարհային համաձայնութեան որդեգրումը: Այս առնչութեամբ, Ան դիտել տուաւ, որ տարբեր բնագաւառներէն ներս բազմաթիւ դրական քայլեր արձանագրուած են, յատկապէս զարգացած ընկերութիւններուն մէջ, սակայն չէ կարելի մոռնալ, թէ մեր ժողովուրդներուն յառաջդիմութիւնը կարելի չէ չափել լոկ՝ տնտեսական, արհեստավարժական զարգացումի համաչափով, այլ անիկա կախեալ է յատկապէս,  մեր դուռը բախող անձէն յուզուելու կարողութենէն, ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով, որ քաղաք մը երբ կարեկցութեան կարողութիւնը կը կորսնցնէ՝ կը դառնայ ոչ հիւրասէր եւ անապատ քաղաք ու դիտել տալով որ սիրտէ զուրկ ընկերութիւն մը՝ ամուլ մայր մըն է ու հաստատելով գաղթականները ՝ եկեղեցւոյ սիրտին կեդրոնը կը գտնուին:

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացուց չորս բայերու վրայ՝  ընկալել, պաշտպանել, զարգացնել եւ ընդելուզել:
Ընկալել կը նշանակէ գաղթականներուն կարելիութիւն տալ անվտանգ, օրինաւոր կերպով մուտք գործել իրենց ուղղուած երկիրներուն մէջ : Օրինաւոր եւ անվտանգ արտագաղթը, համաշխարհային համաձայնութեան կարեւորագոյն նպատակներէն մին է, որուն միջոցաւ կը սահմանափակուին մարդավաճառութեան արարքները :

Պաշտպանել կը նշանակէ ապահովուել գաղթականներու իրաւունքներուն յարգանքը ու պաշտպանել անոնց արժանապատուութիւնը, անկախ արտագաղթի անոնց կարգավիճակէն:

Զարգացնել կը նշանակէ գաղթականներուն համար գտնել անվտանգ վայր մը՝ համապարփակօրէն իրականացուելու համար:  Այս զարգացումը կը սկսի այն ճանաչումով,  թէ ոչ մէկը մարդկային մնացորդաց մըն է,  այլ այդ անձը  , անհատական մշակութային հարստութիւն փոխանցող անհատ մըն է, որ կրնայ մեծապէս նպաստել այն տեղւոյն՝ ուր կը գտնուի:
Արտագաղթողներուն ու անոնց ընտանիքներուն զարգացումը սկիզբ կ՝առնէ նաեւ անոնց ծննդավայրէն, հոն ուր՝ պէտք է արտագաղթի իրաւունքներուն զուգահեռ՝ երաշխաւորուած ըլլայ նաեւ իրենց հայրենիքին մէջ արժանավայել կեանք ապրելու իրաւունքը:

Ընդելուզել կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ գործընթացի մը, որ միեւնոյն ժամանակ կ՝արժէքաւորէ ըլլայ՝  ընկալող հասարակութեան ըլլայ արտագաղթողներուն մշակութային ժառանգը, կառուցելով միջ- մշակութային մշակոյթ մը՝ ժամանողին եւ ընկալողին համար: 

Սրբազան Հայրը  ապա գաղթականներու դիտել տուաւ, որ եկեղեցին կը ճանչնայ անոնց տառապանքները:
Եկեղեցին կ՝ուզէ կանգնիլ անոնց կողքին, իրենց հետ կառուցելու համար այն ինչ որ լաւագոյնն է իրենց համար: Ամէն մարդ ունի կեանքի իրաւունք , ամէն մարդ ունի երազելու իրաւունք, ինչպէս նաեւ հասարակաց տան մէջ իր տեղը գտնելու իրաւունքը: Ամէն անհատ իրաւունք ունի ապագայի մը  ըսաւ, Ֆրանչիսկոս Պապ ու խօսքը եզրափակեց գնահատելով այն բոլոր անձերը, որոնք համայն աշխարհի մէջ գաղթականներուն կը ծառայեն: Ան գնահատեց Քարիթասի գործիչները, որոնք պատիւ ունին Աստուծոյ ողորմած սէրը ցուցաբերելու մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն, յանուն եկեղեցւոյ եւ յանուն բազմաթիւ ընկերակցութիւններուն, ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/03/2019, 19:36