Ֆրանչիսկոս Պապ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ երեսփոխաններուն հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ երեսփոխաններուն հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ երեսփոխաններու պատուիրակութիւն մը:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց երեսփոխանները բացայայտելու աւետարանի ու իրենց մշակութային ինքնութեան միջեւ գոյացուած սերտ կապը, վերարժեւորելով քրիստոնէական արմատները:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ուրբաթ, 22 մարտ 2019-ին, Վատիկանի Ռետմբթորիս Մաթեր մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ իր մասնակցութիւնը բերաւ, Քահանայապետական Տան Քարոզիչ, Հայր Քանաթալամեսայի քառասնորդաց պահքի շրջանի ներկայացուցած խորհրդածութեան: Որմէ ետք, Սուրբ Կիւրեղի մահուան 1150 ամեակի առիթով, ընդունեց Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հանրապետութիւններու երեսփոխաններու մէկ պատուիրակութիւնը: Հուսկ՝ առաքելական Պալատին իր գրասենեակի մէջ, ընդունեց Սուրբ Աթոռին մօտ Թուրքիոյ հանրապետութեան նորանշանակ դեսպան, Տիար Լութֆուլլա Կոքթասիը՝ հաւատարմագիրներու ներկայացումի առիթով:

Ունկնդրէ լուրը

Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ հանրապետութիւններուն երեսխախաններուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Սրբազան Հայր իր ուրախութիւնը յայտնեց սուրբ Կիւրեղի մահուան 1150 ամեակի առիթով, զանոնք ընդունելուն համար, նշելով որ Սուրբ Կիւրեղ՝ Սուրբ Մեթոտիոսի ընկերակցութեամբ, Չեխիոյ եւ Սլովաքիոյ պատմութիւնը արուեստն ու համայն մշակոյթը անջնջելիօրէն բնորոշեց, աւելցնելով , որ Սուրբի մահուան ոգեկոչումը բեղուն առիթ է խորացնելու համար Թեսաղոնիկէ երկու եղբայրներէն ժառանգուած մշակութային ու հոգեւոր աւանդութիւնները , բարոյական ժառանգ մը առ աւելիով պահպանելու եւ արժէքաւորելու ըսաւ Սրբազան Հայրը:

Ան ապա անդրադարձաւ յիշեալ երկու երկիրներու քրիստոնէական պատմութեան, նկատելով զայն յոյսի եւ ուժի ակնաղբիւր նամանաւանդ պատմութեան խաւար եւ դժուարին պահերուն-: Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկեց Սլովաքիոյ հին լեզուով Սուրբ Գիրքի թարգմանութեան, նկատելով զայն երկու երկիրներու որպէս թանկարժէք պարգեւ՝ ըլլայ կրօնական կեանքի համար ըլլայ երկու երկիրներուն մշակութային զարգացման:
Սրբազան Հայր նշեց նաեւ որ Կիւրեղ եւ Մեթոտիոս Սուրբերը ոչ միային Սուրբ գիրքը թարգմանած են տեղական լեզուներու այլ անոնք եղած են նաեւ Սլավ գիրերու գիւտի հեղինակները:
«Սուրբ գրային քրիստոնէական պատգամը նպաստած է երկու երկիրներու իրաւական ծնունդի, ինչպէս նեաւ մերձակայ երկիրներուն:» Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա ակնարկելով Սուրբ Կիւրեղի ու իր եղբօր՝ երկու երկիրներուն մէջ աւետարանացումի բեղուն առաքելութեան, նշեց թէ աւետարանը չնօսրացներ տեղական տարբեր մշակոյթներու հարազատ տարրերը, այլ անոնք կ՝օգնեն անձերն ու հասարակութիւնները, ճանչնալու եւ իրականացնելու բարիքը, ճշմարտութիւններն ու գեղեցկութիւնը:

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրեց ապա երեսփոխանները բացայայտելու աւետարանի ու իրենց մշակութային ինքնութեան միջեւ գոյացուած սերտ կապը, վերարժեւորելով քրիստոնէական արմատները, կառուցելու համար ընկերութիւն մը ուր կարելի է իրագործել փոխադարձ հիւրընկալութիւնը եւ զօրակցութիւն:

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ հոգեւոր եւ մշակութային ժառանգութիւնը , երկու երկիրներու քաղաքացիներուն մէջ հրահրէ ուրիշին բացուելու եւ ուրիշը ընդունելու փափաքը:
Այս կը նշանակէ ըսաւ Սրբազան Հայրը գիտնալ բազմազանութեան մէջ ապրիլ, երկխօսութեան ու բաժնեկցութեան միջոցաւ, կառուցելով կամուրջներ եւ քանդելով անվստահութեան եւ նախապաշարումի պատնէշները:
Այս կատարելով կը դառնանք զօրակցութեան եւ խաղաղութեան արուեստագէտներ: ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը աւարտեց, հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանին , ու խնդրեց որ իրեն համար աղօթեն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/03/2019, 10:40