Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛ացելէ «Սքոլաս Օքուրենդէսի» Վատիկանի կեդրոնը։

Քահանայապետը սկիզբ պիտի տայ «Ծրագրելով ի շահ խաղաղութեան» միջազգային ծրագիրին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 Մարտ 2019-ի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կ՛այցելէ Վատիկանի «Սոքլաս Օքուրենդէսի» քահանայապետական հիմնարկի կեդրոնը, սկիզբ տալու «Ծրագրելով ի շահ խաղաղութեան» բնաբանով Սքոլասի միջազգային նոր ծրագրին,  ու այս առթիւ եթերային հեռակապով հանդիպում կ՛ունենայ եւ կը զրուցէ Սքոլասի նոր կեդրոններու երիտասարդներուն հետ։

Նշենք թէ Սքոլաս Օքուրենդէս հիմնարկը ստեղծուած է նոյնինքն Պերկոլիօ Արքեպիսկոպոսի կողմէ, տասնեակ տարիներ առաջ, երբ Ան տակաւին Պուէնըս Այրէսի Արքեպիսկոպոս էր։ Տարիներու ընթացքին այդ ''ցանցային հանդիպման դպրոցը'' դարձաւ իրականութիւն մը որ կը գործէ 190 երկիրներուն մէջ եւ ունի 450 հազարէ աւելի հաստատութիւններ ու դաստիարակչական ցանցեր։

13 օգոստոս 2013-ին Ֆրանչիսկոս Պապ հիմնարկին շնորհեց ''Քահանայապետական'' տիտղոսը զայն դարձնելով միջազգային հաստատութիւն։

Հիմնարկի կեդրոնը կը գտնուի Հռոմի Թրասթեվերէ շրջանի Վատիկանի պատկան Սան Քալլիսթօ Պալատին մէջ։  

«Ծրագրելով ի շահ խաղաղութեան» միջազգային ծրագիրի նպատակն է մէկ տարուայ տեւողութեամբ դասընթացքի միջոցաւ, միլիոնաւոր պատանիներուն առիթ ընծայել ինչպէս, բարոյական հեռանկարով, ծրագրել ու յանձնառու ըլլալ  խաղաղութեան  փնտռտուքին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/03/2019, 12:00