Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Արիչչա Ֆրանչիսկոս Պապին ժամանումը Արիչչա 

Ֆրանչիսկոս Պապ մեկնեցաւ Արիչչա քառասնարոդացի Հոգեւոր Կրթութեան համար։

Հոգեւոր կրթութեան օրերու ընթացքին նախատեսուած են ամէն օր երկու խորհրդածութիւններ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երէկ՝ կիրակի 10 մարտի կէսօրէն ետք ժամը 4-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Հռոմի Քուրիայի կարդինալներուն ու եպիսկոպոսներուն հետ միասին մեկնեցան Արիչչա՝ «Աստուածային Վարդապետի Տուն» կեդրոն, ուր տեղի կ՛ունենայ քառասնորդացի հոգեւոր կրթութեան շաբաթը զոր պիտի քարոզէ Պենետիկտեան Միաբանութեան անդամ Հայր Պերնարտօ Մարիա Ճաննի։

Ունկնդրէ լուրը

Վատիկանէն չի մեկնած Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ըլլայ առաւօտեան Մարեմեան Աղօթքի ընթացքին եւ աւելի ուշ թուիթի մը միջոցաւ բոլոր հաւատացեալներէն խնդրեց որ իրեն ընկերանան աղօթքով. «Բոլորէն կը խնդրեմ որ զիս եւ Հռոմի Քուրիայի համագործակիցներս յիշէք ձեր աղօթքներուն մէջ, ի տես այս երեկոյ սկիզբ առնող Հոգեւոր Կրթութեան շաբթուան» գրեց Նորին Սրբութիւնը թուիթին մէջ։

Սովորութեան համաձայն հոգեւոր կրթութեան շաբթուայ ընթացքին որ պիտի աւարտի ուրբաթ 15 Մարտին, դադրած կը նկատուին Քահանայապետի բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները, ներառեալ 13 մարտի  հրապարակային ունկնդրութիւնը որ այս տարի կը զուգադիպի անոր ընտրութեան 6րդ տարեդարձին։

Հայր Պերնարտօ Ֆրանչեսքօ Մարիա Ճաննին՝ որպէս հոգեւոր կրթութեան նիւթ ընտրած է իտալացի քրիստոնեայ քաղաքական գործիչ, ուսումնասէր, Ֆրանչիսկեան միաբանութեան  աշխարհական կարգի անդամ, խաղաղութիւն կառուցող ու բարեպաշտ  բանաստեղծ՝  Ճորճօ Լա Փիրայի բանաստեղծութիւններէն քաղուած հետեւեալ նիւթը  «Ջերմ ցանկութիւններու քաղաքը. Աշխարհիկ կեանքին մէջ զատկուայ հայեացքներու եւ ժեստերու ի նպաստ»։ Նշենք թէ Ճորճօ Լա Փիրա եղած է մեծ անձնաւորութիւն մը որ ժամանակակից աշխարհը կը դիտէր իր ձեռքը բռնած Աստուածաշունչը։ Ան  երկու անգամ ընտրուած է Ֆիրենցէ քաղաքի քաղաքապետ ու եղած է աղքատներու ու բացառուածներու վեհանձն պաշտանը։

Հոգեւոր կրթութեան օրերու ընթացքին նախատեսուած են ամէն օր երկու խորհրդածութիւններ։ Հոգեւոր կրթութիւնը սկիզբ առաւ Սուրբ պատարագի արարողութեամբ ու պիտի աւարտի ժամասացութեամբ ու Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ծիսական ջերմեռանդութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետն է որ իր Քահանայապետութեան սկիզբը որոշեց սոյն Հոգեւոր Կրթութիւնը կատարել Վատիկանի պարիսպներէն դուրս առիթ ունենալու եւ իր գործակիցներուն առիթ ընծայելու աւելի խոր ամփոփումով կատարելու այդ հոգեւոր կրթութիւնը հեռու առօրեայի միջավայրէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/03/2019, 08:55