Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետը Քամիլեան միաբանութեան անդամներուն. «Բաց եղէք առաքելութեան նոր կերպերու»

Քահանայապետը ակնարկելով միաբանութեան գործունէութեան հրաւէր ուղղեց նոր աչքերով նայելու ապագային ու որոնելու առաքելութեան նոր կերպեր

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 18 Մարտ 2019-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քլեմենթինա դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Քամիլեան միաբանութեան անդամներուն ու այս առթիւ անոնց ուղղած խօսքին մէջ խրախուսեց մտաբերելու իրենց հիմնադիր Հօր՝ Սուրբ Քամիլլօ Տէ Լելլիսի պատկերը, «որ կը մղէ մտածելու բարի սամարացիին» ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով Սուրբին ու միաբանութեան շնորհապարգեւին, այն է խնամք տանիլ հիւանդներուն, տառապողներուն մօտիկութեամբ յատուկ առաքելութիւն մը կատարելով ըլլայ Եկեղեցւոյ ըլլայ ընկերութեան համար։

Ունկնդրէ լուրը

Քահանայապետը ակնարկելով միաբանութեան գործունէութեան հրաւէր ուղղեց՝ նոր հայացքով նայելու ապագային ու որոնելու առաքելութեան նոր կերպեր, վկայելու համար Քրիստոսի ողորմած սէրը։

«Երբ հիւանդութիւնը կը յայտնուի ու մեր էութիւնը կը խանգարէ այդ ժամանակ է որ զօրեղ պէտքը կը զգանք մեր մօտ ունենալու քոյր մը կամ եղբայր մը, որ մեզ կը մխիթարէ, մեզ կ՛օգնէ ու մի գուցէ մեզի կ՛ընկերանայ մինչեւ Տիրոջ հետ մեր վերջնական հանդիպման սեմին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ գնահատելով ներկաներուն  առօրեայի առաքելութիւնը ի նպաստ կարիքաւորին, հիւանդին ու աղքատին ու զգուշացնելով այն վտանգէն որ այդ մէկը դառնայ ինքզինք պարտադրելու ձեւ մը ու հասկցնելով որ այդ շնորհապարգեւը յատուկ շնորհք մըն է որ պարգեւուած է ուրիշներուն բարիք ընելու համար։

Քահանայապետը հրաւիրելով ապա նայելու ապագային, յորդորեց հետեւիլ ժամանակներու նշաններուն ու անոնց հիման վրայ նորոգելու առաքելութեան ձեւերը, ի միտ ունենալով միշտ առաջին խարիզմը, այն է՝ վկայել Քրիստոսի ողորմութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը անդրադարձ կատարեց Քամիլեան ընտանիքի միաբանութեան պատմութեան ու անոր զանազան ճիւղաւորումներուն,  յատկապէս շեշտելով կիներու դերակատարութիւնը որ միաբանութեան գործունէութեան ծիրէն ներս «լրացում պարգեւեցին հիւանդներուն ի նպաստ ողորմութեան խարիզմին, զայն հարստացնելով  իգական սիրոյ ու խնամքի խարիզմով» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ակնարկելով յատկապէս քնքշութիւն բառին, «որ կարծես սկսած է անհետանալ առօրեայի բառարանէն» ըսաւ Ան նշելով որ այսօրուայ աշխարհը կարիք ունի քնքշութեան։

Ճառին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրեց ներկաները գործելու ու գործակցելու իրարու հետ «սիւնհոդոսական» կերպով «որպէսզի կարենան աւելիով պայծառացնել իրենց պարգեւին լոյսը, ու աշխարհի մէջ բազմաթիւ այլ երիտասարդներ ու երիտասարդուհիներ միանան անոնց՝ շարունակելու համար  Աստուծոյ քնքշութեան վկայութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/03/2019, 12:00