Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Մարոքի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը։

«Շարունակեցէք ըլլալ նշան Հօր ողջագուրումին ու սրտին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ Մարոքի մէջ քրիստոնեայ փոքրիկ հասարակութեան

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 31 մարտ 2019-ին, մասնակցելէ ետք Մարոքի եպիսկոպոսներուն իրեն ի պատիւ սարքած կէսօրուան ճաշին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Մարոքի «Մուլայ Ապտալլահ» մարզական համալիր, ուր գլխաւորեց Մարոքի առաքելական ճամբորդութեան եզրափակիչ սուրբ պատարագը որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին տեղական քրիստոնեայ հազարաւոր հաւատացեալները։

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Զոհին ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Նորին Սրբութիւնը մեկնաբանելով օրուան աւետարանը որ քաղուած էր Ղուկաս Աւետարանիչէն, ուր Յիսուս առակներու միջոցաւ կը խօսի Աստուծոյ ողորմածութեան մասին, շեշտը դրաւ Անառակ որդիի առակին վրայ ու յատկապէս Անառակ որդիին տուն վերադարձին անոր Հօր վարուելակերպին վրայ որ աւետարանիչը կը ներկայացնէ սոյն բառերով. «Մինչ դեր հեռու էր, հայրը տեսաւ զինք, ընդառաջ գնաց, վզին փաթթուեցաւ եւ համբուրեց զինքը»։

«Աւետարանը մեզ կը դնէ Հօր վերաբերմունքը բացայայտող առակի սրտին մէջ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով Հօր սպասումին եւ անոր ուրախութեան, երբ կը տեսնէ իր որդոյն վերադարձը։ Այդ պահը սակայն  միակը չեղաւ, ըսաւ Քահանայապետը, հայրը նոյնը կատարեց  նաեւ միւս զաւկին հետ, երբ տունէն դուրս ելաւ ընդառաջ երթալով անոր մօտ եւս։ Թէեւ կրտսեր եղբայրը կարողութիւնը չունեցաւ ուրախանալու հօր ուրախութեան հետ, որովհետեւ անոր համար եղբայրը տակաւին կորսուած էր։ Ան արդարեւ կը նախընտրէր ապրիլ եղբայրութեան որբութիւնը, հանդիպումի մեկուսացումը, տօնակատարութեան դառնութիւնը։ Ան նոյնիսկ կարող չէր հասկնալ թէ ունի ներողամիտ հայր մը, որ պատրաստ է արթուն մնալու եւ հսկելու՝ որպէսզի եւ ոչ մէկը բացառուած մնայ, գթութեամբ լի հայր մը։

Այդ տան սեմին կը յայտնուի մեր մարդկայնութեան խորհուրդը, մէկ կողմէն կայ վերագտնուած զաւկին ուրախութիւնը, միւս կողմէն դաւաճանումի զգացումն ու բարկութիւնը։ Մէկ կողմէն հիւրընկալութիւնը ու միւս կողմէն վրդովմունքը, հանդէպ անոր որ արժանի չէր այդպիսի հիւրընկալութեան։

Այսպէս ի յայտ կու գայ նաեւ մեր հասարակութիւններէն ներս ապրուած լարուածութիւնը։ Կայէնէ եւ Ափելէ սկսեալ լարուածութիւն մը՝ որ մեր մէջ կը բնակի։

Այդ տան սեմին կը յայտնուին բաժանումներն ու հակամարտութիւնները, ու միեւնոյն ատեն այնտեղ կը յայտնուի եւ կը ցոլայ Հօր կամքը. Որ բոլոր զաւակները մասնակցին իր ուրախութեան, ոչ մէկը ապրի անմարդկային պայմաններու մէջ, ոչ ալ որբութեան ու կղզիացումի կամ զայրոյթի իրավիճակի մէջ։  «Անոր սիրտը կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու հասնին ճշմարտութեան ճանաչողութեան»։

Կեանքին մէջ բազմաթիւ են իրադարձութիւնները որոնք մեզ կարող են մղել բախումի ու բաժանումի, սակայն փորձառութիւնը մեզի կը սորվեցնէ թէ ատելութիւնը, բաժանումն ու վրէժը, ուրիշ բան չեն ընէր եթէ ոչ՝ սպանել ժողովուրդին հոգին, թունաւորել մեր զաւակներուն յոյսը ու կործանել եւ անհետացնել այն ամէն ինչ որ կը սիրենք։

Ասոր համար է որ Յիսուս մեզ կը հրաւիրէ ներհայեցողութեամբ նայելու Հօր սրտին։ Միայն անտեղ է որ կարող ենք մենք մեզ վերագտնել ամէն օր, որպէս եղբայրներ ու կարող ենք յաղթահարել բաժանումի տրամաբանութիւնը։

«Որդեակ ինչ որ ունիմ քուկդ է» (Ղուկ 15,31) կ՛ըսէ Հայրը իր կրտսեր զաւկին։ Եւ նկատի չառներ միայն նիւթական բարիքները այլ նաեւ իր սիրոյն ու գթութեան մասնակցութիւնը։ «Ահա այս է քրիստոնեայ ամենամեծ հարստութիւնը՝ ըլլալ Աստուծոյ սիրուած զաւակները» յարեց Սրբազան Պապը անդրադառնալով որ Աւետարանիչը առակին պատմութեան աւարտը բաց կը թողու, չի պատմեր թէ ինչ որոշում կ՛առնէ կրտսեր որդին, այդ բաց թողուած աւարտը կարող ենք գրել մենք, մեզմէ իւրաքանչիւրս, մեր հասարակութիւնները, մեր կեանքի, մեր հայեացքի եւ ուրիշներուն նկատմամբ մեր վարուելակերպի միջոցաւ։

Քրիստոնեան գիտէ որ Հօր տան դուռէն դուրս կը մնան միայն անոնք որոնք չեն ուզէր մասնակցիլ Հօր ուրախութեան – ըսաւ Սրբազան Պապը ու շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն եւ Մարոքի քրիստոնեայ հասարակութեան, անոնց տուած օրինակելի վկայութեան համար ու քաջալերեց զանոնք յարատեւելու իրենց ընթացքին մէջ, աճեցնելով ողորմութեան մշակոյթը, մշակոյթ մը որ ուրիշին չի նայիր անտարբերութեամբ եւ ոչ ալ աչքերը այլուր կը դարձնէ անոր տառապանքին դիմաց – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւէր ուղղեց անոնց շարունակելու՝ նեցուկ կանգնիլ փոքրիկներուն եւ աղքատներուն ու բոլոր անոնց որոնք մերժուած են, լքուած, ու անտեսուած։

«Շարունակեցէք ըլլալ նշան Հօր ողջագուրումին ու սրտին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հայցելով որ Ամենաողորմածը զանոնք զօրացնէ ու պտղաբեր դարձնէ անոնց սիրոյ գործերը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/03/2019, 17:11