Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին այցելութիւնը «Սան Քրիսփինօ» հասարակութեան:

Երկու դեղեր որոնք մեզ կ՝օգնեն ուրիշները չքննադատելու համար. աղօթել եւ լեզուն խածնել:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, 3 մարտ 2019-ին, յետմիջօրէին, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը այցելեց Հռոմի արուարձանները գտնուող «Սան Քրիսփինօ» անուամբ ժողովրդապետութիւնը:

Ունկնդրէ լուրը

Սրբազան Հայրը նախ քան ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ սուրբ պատարագ մատուցանելը, ողջունեց ժողովրդապետութեան քահանաները, հանդիպեցաւ հասարակութեան մանուկներուն, նոր մկրտուած մանուկներուն հարազատներուն, հիւանդներուն ինչպէս նաեւ ժողովրդապետութեան աղքատ մարդոց հետ, ապա խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելէ ետք կարգ մը հաւատացեալներուն, ժողովրդապետութեան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ՝ առ ընթերակայութեամբ Հռոմի թեմի ընդհանուր եպիսկոպոսի տեղակալ, կարդինալ Անճելօ ՏԷ Տոնատթիսի, Հռոմի թեմի հիւսիսային շրջանի տեղակալ եպիսկոպոս, Գերապայծառ Կուերինօ Տի Թորան- ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ ժողովրդապետին ու փոխ ժողովրդապետին:

Սուրբ Պատարագի ընթացքին ներկայացուցած քարոզին մէջ Սրբազան Հայրը մեկնաբանելով օրուան աւետարանական ընթերցումը, ուր Յիսուս առակ մը կը պատմելով կ՝ըսէ «ինչո՞ւ կը տեսնես շիւղը, որ եղբօրդ աչքին մէջն է եւ չես նշմարեր գերանը՝ քու աչքիդ մէջ» Ղուկ 6, 39 նշեց թէ Յիսուս այս բառերով կ՝ուզէ մեզի ուսուցանել , չքննադատել ուրիշները, ու չնայիլ ուրիշներուն թերութիւններուն այլ նախ եւ առաջ նայիլ մեր սեփական թերութիւններուն, աւելցնելով որ Յիսուս Խստօրէն կը դատապարտէ կեղծաւորները։
«Յիսուս մեզ կը յորդորէ մեր թերութիւններուն նայելու», ըսաւ Սրբազան հայրը, ապա անդրադարձաւ քննադատումէ եւ շատախօսութենէ առաջած չարիքներուն, դիտել տալով անոնք վերջ կը գտնեն թշնամութիւն, անհամաձայնութիւն եւ չարիք սերմանելով:

Նորին Սրբութիւն շեշտեց նաեւ, որ լեզուի միջոցաւ սկիզբ կ՝առնեն հակամարտականութիւնները, զրպարտելով ուրիշները , սկիզբ կ՝առնեն պատերազմները, ընդգծելով որ լեզուին միջոցաւ քանդումը համազօր է հիւլէական ռումբի յառաջացուցած կործանումին :
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա յորդորեց , քաջութիւնը ունենալ, մեր մասին գէշ խօսող մարդու հետ զրուելու ու անոր ունկնդրելու ՝դէմ առ դէմ եւ ոչ թէ անոր բացակայութեան , դարձեալ ընդգծելով , որ շատախօսութիւնը, ոչ մէկ արդիւնք կը բերէ , ընդհակառակը կը վատթարացնէ իրողութիւնը եւ պատերազմներուն կ՝առաջնորդէ:
Սրբազան Հայրդ յորդորեց որ քառասնորդաց շրջանէն օգտուիլ մեր կեցուածքը փոխելու համար: Ան հրաւիրեց խոկալ մեր անձին մասին- խոկալ, մարդոց հետ մեր ունեցած վերաբերմունքի մասին, մտածելէ եթէ անկեղծ կամ կեղծաւոր ենք:
Ան եզրափակեց իր քարոզը յորդորելով երկու դեղեր, որոնք մեզ կ՝օգնեն ուրիշները չքննադատելու , առաջին՝ աղօթքը, երկրորդ լեզուն խածնել:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/03/2019, 10:12