Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող Եպիսկոպոսական Հաւաքը 

Մանկապղծութեան զոհերու ցաւը եւ չարաշահումներուն դէմ եկեղեցւոյ պայքարը։

Հաւաքին առթիւ ներկայացուցեան մանկապղծութիւններուն թիրախ զոհերու՝ արձանագրուած ու անձամբ կատարուած յուզիչ եւ ցաւալի վկայութիւններ

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 21 փետրուար 2019-ին Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ մեկնարկեց անչափահասներու պաշտպանութեան հայող բացառիկ վեհաժողով մը։

Առաջին անգամուան համար աշխարհի հինգ ցամաքամասերէն 190 Եպիսկոպոսներ, Պատրիարքներ, Արքեպիսկոպոսներ, Միաբանութիւններու մեծաւորներ ու Կարդինալներ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շուրջ համախմբուեցան միասնաբար քննարկելու ու դիմագրաւելու համար Եկեղեցւոյ մէջ կղերականներու կողմէ անչափահասներու դէմ գործադրուած մանկապղծութեան ծանր վէրքը։

Ունկնդրէ լուրը

Խոկումի, աղօթքի, խորհրդածութեան, ունկնդրութեան  ու պատասխանատուութեան ստանձնումի օրեր, որոնց առթիւ չպակսեցան նաեւ մանկապղծութիւններուն թիրախ զոհերու՝ արձանագրուած ու անձամբ կատարուած   յուզիչ եւ ցաւալի վկայութիւնները, որոնք առիթ հանդիսացան ժողովականներուն բացայայտելու թէ ինչպէս անցեալին Եկեղեցին ու Եկեղեցական Ղեկավարներէն ոմանք  փոխանակ թիկունք կանգնելու զոհերուն, անսալու անոնց ճիչին ու ամոքելու անոնց  տառապանքը, ջանացած են անտարբեր մնալ ու նաեւ թաքնացնել պժգալի արարքները, մինչեւ այն աստիճան որ զոհերէն շատեր որոնց կեանքը փճացաւ  այդ չարաշահումներու հետեւանքով  ապրեցան հոգեբանական անձկութիւններ ու դիմեցին թմրամոլութեան, ալքոալմոլութեան…սփոփելու համար այդ խոր ու անդարմանելի հետքեր թողած վէրքը։

Վկաներէն մին արդարեւ խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն անոնցմէ խնդրեց  չի բաւարարուիլ միայն հասկացողութիւն ցուցաբերելով զոհերուն, հարկաւոր նկատելով վերանորոգել Եկեղեցւոյ հանդէպ հաւատացեալներու վստահութիւնը ու նշելով  թէ այս մէկը կարելի է միայն եթէ անոնք գործնական որոշումներով  ցոյց տան իրենց վճռակամութիւնը՝ պայքար մղելու եւ արմատախիլ ընելու այդ ամօթը։

Մակապղծութիւններու թիրախ այլ զոհ մը ապա կոչ ուղղեց սորվիլ մտիկ ընել ու անսալ զոհերուն ու զանոնք չանտեսել ու չի նկատել որպէս «ստախօսներ»։  Մինչ այլ զոհ մը վկայեց թէ ինչպէս այդ վէրքը փոխած էր իր ամբողջ կեանքի մարդկային յարաբերութիւնները, նոյնիսկ ընտանեկան յարկէն ներս,եւ այս ուղղութեամբ քաջութիւն ունեցաւ եպիսկոպոսներէն խնդրելու որ քաջութիւնը ունենան գործելու ի նպաստ դարմանումի ու «աւելի լաւ Եկեղեցիի» մը կառուցման։

Վեհաժողովին մասնակցող եպիսկոպոսներէն շատեր նշեցին թէ դիւրին չեղաւ մտիկ ընել այդ վկայութիւններուն.  որոնք վէրք մըն են համայն եկեղեցւոյ մարմնին մէջ եւ որոնց համար անհրաժեշտ է սրտի ու խղճի դարձ մը, վերանորոգում ու յատկապէս վճռական քայլեր։

Իր բացման խօսքին մէջ Նորին Սրբութիւնը արդարեւ ըսած էր «Աստուծոյ Սուրբ Ժողովուրդը մեզի կը նայի ու մեզմէ կ՛ակնկալէ ոչ թէ պարզ ու բացայայտ դատապարտում, այլ շօշափելի եւ արդիւնաւէտ միջոցառումներ» այդ ուղղութեամբ բոլոր ժողովականներուն բաժնելով 21 կէտէ բաղկացած «ուղեցոյց» մը՝ որպէս առաջին քայլ ու «պարզ մէկնակէտ», ըսաւ Քահանայապետը, մանկապղծութեան հարցը դիմագրաւելու գործընթացին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/02/2019, 09:20