ֆրանչիսկոս Պապ  մահմետական երեցներու խորհուրդի անդամներուն հետ: ֆրանչիսկոս Պապ մահմետական երեցներու խորհուրդի անդամներուն հետ:  

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին միջկրօնական հանդիպումները:

Արաբական միացեալ Էմիրութիւններու աւագ մզկիթին փակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ առաձնական հանդիպում կ՝ունենայ մահմետական երեցներու խորհուրդին անդամներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու ժամանակացոյցով, 16,45ին, Իտալական ժամով, 13,45-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Շեյխ Զայետ անուան Աւագ մզկիթ: Յիշեալ մզկիթը, արաբական միացեալ Էմիրութիւններու եւ աշխարհի մէջ ամենամեծ եւ կարեւորագոյն նկատուող իսլամական պաշտամունքի վայրերէն մին է: Ան կառուցուած է 12 էթքար տարածքին վրայ, որուն մէջ կարելի է հիւրընկալել աւելի քան 40.000 հաւատացեալներ:

Մզկիթը կառուցուած է Արաբական Միացեալ էմիրութիւններու հիմնադիր եւ երբեմնի նախագահ շեյխ Զայետ Պին Սուլթան Ալ Նահյանի կամքով ու կառուցուած է յարգելով մահմետական աշխարհի բազմամշակութային տարբերութիւնները միացնելու շէյխին փափաքին հիման վրայ:

Մզկիթի մէջ կատարուած առաջին արարողութիւնը հանդիսացաւ, նոյնինքն Շէյխ Զայետին յուղարկաւորութեան արարողութիւնը:

Շեյխ Զայետ աւագ մզկիթ ժամանումին, Նորին Սրբութիւնը կը դիմաւորուի, Ալ Ազհար համալսարանի Աւագ իմամին եւ երկրի հանդուրժողականութեան եւ մշակոյթի արտաքին գործոց երկու նախարարներուն կողմէ :

Մզկիթի մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նախ կ՝այցելէ  Զայետ Ալ Նահեան շեյխի դամբարանը ապա ընկերակցութեամբ Ալ Ազհար համասարանի աւագ իմամին կը փոխադրուի մզկիթին փակը,  ուր բացօթեայ, առաձնական հանդիպում կ՝ունենայ մահմետական երեցներու խորհուրդին հետ, որուն աւարտին ֆրանչիսկոս Պապ ընկերակցութեամբ Ալ Ազհար իմամին կը փոխադրուի founder’s Memorial յուշահամալիր :

Յայտնենք թէ մահմետական երեցներու խորհուրդը, միջազգային անկախ կազմակերպութիւն մըն է,  որուն Աթոռը կը գնտուի Ապու Տապիի մէջ:

Կազմակերպութեան նպատակն է խթանել խաղաղութիւնը մահմետական հասարակութիւններու մէջ, խորհուրդ տալ մահմետական հասարակութիւններուն մէջ ծագած հարցերուն հայող ՝մարդկային իրաւունքներուն պաշտպանութեան եւ մահմետական կրօնի հանդուրժողականութեան սկզբունքներուն:

Յայտնենք թէ founders Memorial ազգային յուշահամալիրը, կառուցուած է ոգեկոչելու համար, Արաբական Միացեալ էմիրութիւններուն հիմնադիր ու առաջին նախագահ՝ հանգուցեալ Շեյխ Զայետ Պին Սութան Ալ Նայանի կեանքը, անոր ժառանգութիւնն ու արժէքները: Շեյխ Զայետ Սութանը մահացած է 2004-ին: Շնորհիւ անոր հզօր կամքին, հիմնուած է արաբական միացեալ էմիրութիւնները, երբ 1960 թուականին, Անգլիացիները յայտարարեցին տարածաշրջանէն հեռանալու իրենց որոշումը:

Շէյխին անխոնջ աշխատանքներուն շնորհիւ, 2 դեկտեմբեր 1971-ին, հիմնուեցաւ էմիրութիւններու դաշնութիւնը: Ան մինչեւ այսօր նկատուած է Արաբական միացեալ էմիրութիւններուն հայրենիքի Հայր: Անոր յիշատակը յաւերժացնող յուշահամալիրը կառուցուած է 3 էքթար տարածքի վրայ բաժնուած, գեղեցիկ ծառերով եւ ծաղիկներով յիշարժան տեսարան ունեցող երեք մասերու « Heritage garden» մասը,   որուն մէջ տնկուած են անապատէ բերուած բոյսեր , «Sancuary garden» մասը , ուր կը գտնենք յուշահամալիրի տեսարանը վայելելու համար նստարաններ եւ գեղեցիկ աղբիւր մը: «the Constellation» երրորդ մասին մէջ կառուցուած է լոյսերով Շեյխ Զայետին դիմագիծը ցոլացնող սարք մը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2019, 15:00