Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Apostolikì Diakonia պատուիրակութեան անդամները:

Կաթողիկէ եւ Յոյն եկեղեցիներուն միջեւ կան աւելի շատ հասարակաց իրողութիւններ , քան երկու եկեղեցիները հեռացնող իրողութիւններ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երկուշաբթի, 25 փետրուարին, Վատիկանի «Պապերու» անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց քսան անդամներէ բաղկացած Յունաստանէն ժամանած յոյն եկեղեցւոյ «Apostolikì Diakonia» պատուիրակութիւն մը :

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ ներկաներէն խնդրեց, որ անոնք Աթենք վերադարձին, իր ջերմ եղբայրական ողջոյնները փոխանցեն Գերերջանիկ Իերոնիմոս պատրիարքին, որ անցեալ 16 փետրուարի նշած է իր գահակալութեան 11 տարեդարձը, մաղթելով անոր քաջառողջութիւն, անդորրութիւն եւ հոգեւոր ուրախութիւն:
Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ ապա Apostolikì Diakonia եւ քրիստոնեաներու միութեան խթանման խորհուրդի միջեւ գոյացուած համագործակցութեան, նշելով որ այդ համագործակցութիւնը 15 տարի է կը շարունակուի եւ որուն ընթացքին լոյս տեսան մշակութային դաստիարակչական գնահատելի բազմաթիւ ծրագիրներ, որոնցմէ ամէնէն շատ նպաստ ունեցած են երիտասարդները, եւ որոնք, շնորհիւ այդ ծրագիրներուն, փորձարկած են այն իրողութիւնը, թէ երկու եկեղեցիներուն միջեւ կան աւելի շատ հասարակաց իրողութիւններ , քան երկու եկեղեցիները հեռացնող իրողութիւններ:
Նորին Սրբութիւն ընդգծեց, թէ երիտասարդները կ՝ուսուցանեն, որ պէտք չէ տարբերութիւններուն մէջ բանտարկուիլ, այլ պէտք է վառել միասնաբար ընթանալու փափաքը, երազելով շրջանցել, հաղորդութեան արգելք հանդիսացող դժուարութիւնները: Ան ապա նկատել տալով որ քայլ առ քայլ իրականացուած փոքրիկ բաներուն մէջ, Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է տեսնել Աստուծոյ սիրոյ ներկայութիւնը որ կը միացնէ երկու եկեղեցիները, հայցեց Աստուծմէ միասնաբար ընթանալու շնորհքը, մէկը միւսին բեռը կրելով:

Ֆրանչիսկոս Պապ անդրադարձաւ նաեւ ընտանիքի հովուական ծառայութեան ու ժամանակից արագընթաց ընկերութեան մէջ աշխարհի բոլոր ծագերուն մէջ ընտանիքներուն ապրած դժուարութիւններուն ընդգծելով որ այդ բոլոր ըտանիքներուն դժուարութիւնները, յառաջացած են միւնեոյն բազմաթիւ մարտահրաւէրներէն: Այս առնչութեամբ հրաւիրեց երկու եկեղեցիները օգնելու եւ մօտիկ կանգնելու այդ ընտանքինեորւն, անոնց բացայայտելու համար ամուսնութեան պարգեւը, սիրոյ պահպանումի գեղեցկութիւնը, որ ամէն օր կը վերանորոգուի, համբերատար եւ հարազատ բաժնեկցութեան մէջ ինչպէս նաեւ աղօթքի զօրութեան միջոցաւ : ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով, որ երկու եկեղեցիները կանչուած են նեցուկ գտնուելու եւս հոն ուր ընտանեկան կեանքը չիրականացուիր աւետարանի գաղափարախօսութեան համաձայն եւ ոչ ալ խաղաղութեան եւ ուրախութեան մէջ: Երկու եկեղեցիները իրենց հոգեւոր աւանդութիւններով, կրնան իրենց գործօն մասնակցութիւնը բերել տարբեր բնագաւառներէն ներս՝ ըլլայ ազգային ըլլայ միջացգային, ընտանիքներու արժանիքներուն հայող գործունէութիւններուն եւ առաջարկներուն մէջ՝ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով սոյն այցելութեան համար խնդրելով Տիրոջ օրհնութիւնները բոլորին համար:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/02/2019, 12:08