Կարդինալ Ակոսթին Պէա Կարդինալ Ակոսթին Պէա 

«Կարդինալ Պէան եղաւ համակիր, մարդկային բարութեամբ եւ քաջ մարդ մը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Կարդինալ Պէան համոզուած էր ո սէրն ու յարգանքը երկխօսութեան սկզբունքներ են»։«

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 28 փետրուար 2019-ի առաւօտեան ի շարս այլ պաշտօնական հանդիպումներու Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի  Քոնչիսթորօ դահլիճին մէջ ընդունեց երջանկայիշատակ Կարդինալ Ակոսթին Պէայի մահուան 50րդ տարեդարձին առթիւ՝ անոր անուան նուիրուած կեդրոնի կազմակերպած հանդիպումին մասնակիցները ու այս առթիւ ներկաներուն արտասանած իր խօսքին մէջ Սրբազան Պապը ակնարկեց երջանկայիշատակ կարդինալին մահուան 50րդ տարեդարձին առթիւ անոր յիշատակին  նուիրուած կարգ մը հանդիպումներուն, մեծարելով Կարդինալ Պէային կենցաղը որ՝ ըսաւ Սրբազան Պապը «վճռական ազդեցութիւն ունեցաւ Վատիկանի Բ Տիեզերական ժողովի կարեւոր փաստաթուղթերու վրայ» որոնց շարքին Հրեաներու հետ յարաբերութիւնը, Քրիստոնեաներու միութիւնը, խղճի ու կրօնի  ազատութիւնը, որոնք այսօր եւս կը մնան այժմէական» յարեց Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտը դնելով նաեւ ոչ թէ Կարդինալ Պէյի գործին վրայ այեւ այդ գործը յառաջ տանելու կերպին ու ոճին վրայ։

Ունկնդրէ լուրը

«Նահում Կոլտման՝ Հրեաներու համաշխարհային Խորհրդարանի նախագահը Պէան նկարագրած էր  որպէս «համակիր, մարդկային բարութեամբ լի ու քաջ» մարդ մը» ըսաւ Սրբազան Պապը այս յատկութիւնները նկատելով հիմնական՝ անոր համար որ յանձնառու է ի նպաստ մարդոց միջեւ հաշտութեան։

«Կարդինալ Պէան համոզուած էր ո սէրն ու յարգանքը երկխօսութեան սկզբունքներ են»։« Յարգանքը մեզի պիտի սորվեցնէ նաեւ ճշմարտութիւնը առաջարկելու ուղիղ ձեւը» կ՛ըսէր Ան։ Կարդինալ Պէան մարդկային բարութեամբ լի մարդ էր որ գիտեր բարեկամութեան կապեր ստեղծել, կապեր՝ հիմնուած մեզ միաւորող եղբայրութեան վրայ» ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը ընդգծելով որ անոր ոճը եղաւ «Հասկացողութիւն որ կ՛ընդունի միւսը ու  բարութիւն որ կը ստեղծէ կապեր»։

Կարդինալ Պէան եղաւ իրատես մարդ մը միութեան ապագային նկատմամբ ան լաւապէս գիտեր դժուարութիւնը սակայն համոզուած էր նաեւ որ Տիրոջ իղձը «որպէսզի ամէնքը մի ըլլան» պէտք էր իրագործուի։

«Ան Վատկանեան Բ Տիեզերական ժողովը կը նկատէր մեկնակէտ մը՝ որուն պտուղներէն մին ձեր կեդրոնն է» ըսաւ  Ֆրանչիսկոս Պապը ակնարկելով կեդրոնի գործունէութեան որուն հիմնական առաքելութեան մաս կը կազմէ հրէական ուսմունքներու դասաւանդումը։

Նորին Սրբութիւնը գնահատեց ապա այդ կեդրոնը յաճախող աշակերտներուն յանձնառումը ու նաեւ դասատուներուն նուիրումը ու յատկապէս երկխօսութեան ուղիով գործընթացքը։

Ակնարկելով ապա ուղեւորութեան շարունակութեան մասին Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դրաւ Քրիստոնեայ Հրեայ երկխօսութեան կարեւորութեան վրայ որ պէտք չէ վերապահուի միայն մասնագէտներուն «այլ պէտք է նաեւ երաշխաւորուի բոլորին» ըսաւ Ան հաստատելով թէ  հրեաներուն եւ քրիստոնեաներու բարեկամութիւնն ու երկխօսութիւնը  պէտք է գիտական համայնքի սահմաններէն դուրս գան։

Սրբազան Պապը այս ուղղութեամբ փափաք յայտնեց որ Րաբունապետեր ու Հովիւներ միասին գործեն, ամէն մին իր առաքելութեան ներքոյ, ի ծառայութիւն տառապող մարդկութեան, խթանելու համար բոլորին վերապահուած խաղաղութիւն ու երկխօսութիւն, ըսաւ Ան ու խօսքը աւարտեց քաջալերելով ներկաները ներշնչուելու Կարդինալ Պէայի օրինակէն ու յառաջ ընթանալու քրիստոնեաներու միջեւ միութեան փնտռտուքի ու հրեայ եղբայրներու հետ բարեկամութեան ամրապնդումի գործընթացքին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/02/2019, 11:11