Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ մարտ –ապրիլ ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւնները:

Քահանայապետական արարողութիւններուն գրասենեակը հրապարակեց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մարտ - ապրիլ ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Երեքշաբթի, փետրուար 26-ին, Քահանայապետական արարողութիւններուն գրասենեակը հրապարակեց, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին մարտ - ապրիլ ամիսներուն նախագահելիք արարողութիւններուն յայտագիրը:

Ունկնդրէ լուրը

6 մարտ 2019-ին, Մոխրոց օր է : Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ Հռոմի Սանթա Սապինա եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցէ մոխրոց օրհնութեան Սուրբ Պատարագը ապա ինչպէս ամէն տարի, Նորին Սրբութիւնը Հռոմի Քուրիայի անդմաներու հետ միասին Հռոմի Արիչչիա գիւղաքաղաքին մէջ կը մասնակցի Քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան՝ 10-էն- 15 մարտ 2019-ին։

Ուրբաթ, 29 մարտին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ Ան կը գլխաւորէ խոստովանանքի՝ ապաշխարութեան արարողութիւնը: Մինչ՝ 30 եւ 31 մարտ 2019-ին, Սրբազան Հայրը առաքելական ճամբորդութիւն կը կատարէ դէպի Մարոք:
14 ապրիլ 2019-ին, Ծաղկազարդին, Յիսուսի Երուսաղեմ մուտքին ի յիշատակ , ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութեան իսկ յաջորդ օրերուն՝ աւագ շաբթուայ ընթացքին Ան կը գլխաւորէ այդ շաբթուայ ծիսակատարութիւններուն՝ սկսեալ Հինգշաբթի, 18 ապրիլէն՝ աւագ հինգշաբթի օրը, երբ Սուրբ Պետրոս տաճարին մէջ կը նախագահէ Յիսուսի վերջին ընթրիքի Սուրբ պատարագին, Ապա Ուրբաթ, 19 ապրիլին, աւագ ուրբաթ օր, յետմիջօրէին, Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը գլխաւորէ Յիսուսի խաչելութեան եւ թաղման կարգի արարողութեան մինչեւ՝ երեկոյեան ժամը 9,ին, Հռոմ Քոլոսէօ ամփիթատրոնի մէջ կը նախագահէ ճանապարհ խաչի արարողութեան:

Շաբաթ, 20 ապրիլին՝ երեկոյեան 8,00-ին, Սուրբ Զատկուայ ճրագալոյցին առթիւ Սրբազան Պապը Սուրբ Պետրոսի տաճարին մէջ կը նախագահէ հսկումը արարողութեան հուսկ կիրակի 21 ապրիլին, Յիսուսի Յարութեան Սուրբ Զատիկի տօնին առթիւ- Ան Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կը նախագահէ Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի հրաշափառ Յարութեան տօնին նուիրուած Սուրբ պատարագին- որուն աւարտին Սուրբ Պետրոս տաճարին պատշգամէն Հռոմ քաղաքի ու համայն աշխարհին կ՛ուղղէ «Ուրպի Էթ Օրպի» աւանդական պատգամն ու օրհնութիւնը ։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/02/2019, 10:30