Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը Ալֆոնսիանա կաճառի դասատուներուն եւ աշակերտներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց ընտանիքներու եւ մերձաւորներու հանդէպ նեցուկ կանգնելու հրամայականը:

Շաբաթ, 9 փետրուար 2019-ին, Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ընդունեց, Ալֆոնսիանա կաճառի Աստուածաբանութեան բաժանմունքի խումբ մը դասատուներ եւ աշակերտներ՝ կաճառի հիմնադրութեան 70 ամեակի առթիւ:
Անդրադառնալով կաճառին հիմնադրութեան 70 ամեակին, Սրբազան Պապը հրաւիրեց կաճառին անդամները, յառաջ նայելու, առաքելութեան ոգեւորութիւնը վերագտնելու, ինչպէս նաեւ քայլեր ձեռնարկելու՝ Աստուծոյ ժողովուրդին սպասումներուն՝ դէմ յանդիման գալու համար:

Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ, որ համալսարաններն ու եկեղեցական կաճառները պէտք են տիպար հանդիսանալ, դուրս ելլող եկեղեցիի մը՝ բոլոր բնագաւառներէն ներս երկխօսութիւն կատարելու նպատակով: Ան ապա ընդգծեց եկեղեցական կաճառներուն եւ աշխարհի բոլոր համալսարաններու միջեւ ցանց մը ստեղծելու անհրաժեշտութիւնը , իսկական լուծումներ առաջարկելու մարդկութիւնը յուզող հարցերուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց նաեւ ընտանիքներու եւ մերձաւորներու հանդէպ նեցուկ կանգնելու հրամայականը, յորդորեց անսալ տառապանքներու ու յոյսերուն ձայնին, բոլոր անոնց որոնք դատապարտուած են աղքատութեան եւ մեկուսացման վիճակ յառաջացած  աշխարհի մէջ մեղքի զօրութեան հազար ու մէկ ձեւերէ , «աշխարհ մը, որ պէտք չէ դատապարտել, այլ պէտք է ամոքել եւ ազատագրել, հետեւելով Քրիստոսի օրինակին, ըսաւ Սրբազան Պապը ու անդրադարձաւ կաճառի կրօնաբարոյագիտական աստուածաբանութեան ուսուցման, դիտել տալով, որ այդ ուսուցումը պէտք է քաջալերէ Աւետարանի ամենէն բարձր արժէքները, ինչպէս եղբայրսիրութիւնը: Բարոյական Աստուածաբանութիւնը պէտք է նպատակէտ ունենայ մեղքի եւ մահուան օրէնքէն ազատագրումը. ազատութիւն մը, որ երբեք չի կրնար ըլլալ ՝ կարիքաւորներու հանդէպ անտարբերութեան կեցուածք, յարեց Քահանայապետը յորդորելով, այս ուղղութեամբ համաշխարհային ցանց մը կազմել, նկատել տալով , որ միացած աշխարհ մը, կը դիւրացնէ սեփական շահերուն շրջանցումը եւ կը ստեղծէ վայր մը, ուր կարելի է միասնաբար դիմագրաւել ընկերութեան նոր եւ ծանր մարտահրաւէրները։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառին մէջ ընդգծեց նաեւ բնապահպանութեան հրատապ հարցը յորդորելով, որ բարոյականութեան Աստուածաբանութիւնը ընդառաջէ իւրաքանչիւր ազգի բնապահպանութեան հայող պահանջներուն,  կիրարկելով համապարփակ զարգացումի ուղիներ՝ հասարակաց տան հոգալու նպատակով:

Ֆրնաչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց մաղթելով, որ բարոյական Աստուածաբանութիւնը երբեք չխուսափի իր ձեռքերը կեղտելէ, առարկայական մօտեցում ունենալով հարցերուն, վկայելով, որ Քրիստոսը ճշմարտութեան եւ կեանքի ուղին է:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2019, 12:00