Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին միջամտութիւնը. «Եկեղեցին Մայր է. Տեղ տալ իգական հանճարին»։

Կին մը հրաւիրել այստեղ՝ խօսելու համար Եկեղեցւոյ վէրքերու մասին, կը նշանակէ թէ Եկեղեցին է որ կը խօսի ինքնիր մասին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անչափահասներու պաշտպանութեան հայող եպիսկոպոսական վեհաժողովին երկրորդ օրուայ յետմիջօրէին տեղի ունեցած նիստի ընթացքին, Աշխարհականներու, Ընտանիքի եւ Կեանքի Բաժանմունքի աշխարհականներու բաժնի 53 ամեայ ենթաքարտուղարը Լինտա Կիզոնիին «ունկնդրութեան կարեւորութեան» մասին  ներկայացուցած  զեկոյցէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսք առնելով ուզեց շեշտել իր սրտին մօտիկ մէկ կէտ մը՝ այն է Եկեղեցւոյ մէջ կիներու ներկայութիւնը, «Եկեղեցին որ Հարս ու Մայր է բոլոր իր զաւակներուն»։

«Մտիկ ընելով Տիկ Կիզոնիին զեկոյցը զգացի որ Եկեղեցին կը խօսի ինքնիր մասին։ Ամէնքս արդարեւ խօսեցանք Եկեղեցւոյ մասին սակայն այս անգամ Եկեղեցին էր որ կը խօսէր ինքնիր մասին՝ իգական հաճարն է սա որ կ՛արտացոլայ Եկեղեցւոյ մէջ որ կին է» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով որ «Կին մը հրաւիրելը այստեղ չի նշանակեր մուտք գործել եկեղեցական իգականութեան եղանակին մէջ՝ ո՛չ։ Կին մը հրաւիրել այստեղ՝ խօսելու համար Եկեղեցւոյ վէրքերու մասին, կը նշանակէ թէ Եկեղեցին է որ կը խօսի ինքնիր մասին եւ իր վէրքերու մասին։

Կինը արդարեւ Եկեղեցւոյ պատկերն է՝ որ կին, հարս ու Մայր է։ Ոճ մըն է այդ, առանց որուն մենք Աստուծոյ Ժողովուրդին մասին պիտի խօսէինք որպէս կազմակերպութիւն մը եւ ոչ որպէս ընտանիք մը՝ որ ծնունդ առած է Մայր Եկեղեցիէն» հաստատեց Ֆրանչիսկոս Պապ նշելով որ մուտք գործել Եկեղեցւոյ իգականութեան խորհուրդին մէջ կը նշանակէ լաւապէս հասկնալ կեանքին չափանիշը ու մասնակից ըլլալ այն իրողութեան որ կը պատահի երբ մայր մը աշխարհ կը բերէ իր զաւակը։

Այս չի նշանակեր աւելի պարտականութիւններ տալ կիներուն եկեղեցւոյ մէջ, թէեւ այս մէկն ալ լաւ է, ըսաւ Քահանայապետը, դիտել տալով թէ այդ  կը նշանակէ մեր մտքերուն մէջ ընդելուզել կինը՝ որպէս Եկեղեցւոյ պատկեր ու Եկեղեցւոյ մասին մտածել՝  կնոջ մը յատկութիւններով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2019, 08:26