ԵՀՕ 34-րդ Հաւաքի Ճանապարհ Խաչին։ ԵՀՕ 34-րդ Հաւաքի Ճանապարհ Խաչին։  

«Քրիստոսի խաչի ճանապարհը տակաւին կը շարունակուի». Ֆրանչիսկոս Պապին պաղատական աղօթքը

ԵՀՕ 34-րդ Հաւաքի Ճանապարհ Խաչին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ուրբաթ 25 Յունուար 2019-ի երեկոյեան ժամը 5.30-ին (Հռոմի ժամով 23.30), Փանամայի «Cinta Costera» ծովափի  Սանթա Մարիա Լա Անթիկուա տարածքին վրայ, Ֆրանչիսկոս Պապին նախագահութեամբ, տեղի ունեցաւ ԵՀՕ հաւաքին Ճանապարհ Խաչի բարեպաշտական արարողութիւնը, որուն աւարտին Սրբազան Հայրը պաղատական աղօթք մը արտասանեց որուն մէջ նշեց թէ Քրիստոսին ճանապարհ Խաչին այսօր եւս կը շարունակուի, մարդկութեան ապրած տառապանքներուն մէջ, ու այս ուղղութեամբ հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնայ Հովանին ու Տիրոջ շնորհքը, խղճի քննութիւն կատարելու ու դարձի գալով հետեւելու Սուրբ Կոյսին քայլերուն, դառնալով ընկալող, սիրող, մարդկութեան ապրած տագնապներուն  ընկերացող եկեղեցի մը։  

Ճանապարհ խաչի արարողութեան սկիզբը Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով երիտասարդներուն ըսաւ.

«Յիսուսին հետ քալելը շնորհք ու արկածախնդրութիւն է։ Շնորհք է որովհետեւ մեզի յանձնառու կը դարձնէ ապրիլ հաւատքին մէջ ու ճանչնալ Յիսուսը, միշտ աւելիով մխրճուելով անոր սրտին մէջ ու հասկնալով Անոր խօսքին զօրութիւնը։Սակայն նաեւ վտանգ է որովհետեւ Յիսուսի խօսքերը, անոր վարուելակերպը ու անոր գործերը կը հակազդեն աշխարհի հոգիին, մարդկային ձգտումներուն, մնացորդացի մշակոյթին ու սիրոյ պակասին։ Բայց եւ այնպէս կայ նաեւ վստահելի փաստ մը՝ որ յոյսով կը լիացնէ այս ճանապարհ խաչին. Յիսուս զայն ապրեցաւ սիրով ու այդ մէկը ապրեցաւ նաեւ Սուրբ Կոյս Մարիամը՝ որ եկեղեցւոյ ծագումէն իսկ ուզեց իր քնքշութեամբ թիկունք կանգնիլ աւետարանութեան ուղեւորութեան։

Ունկնդրէ լուրը

Իսկ ճանապարհ խաչի արարողութեան ընթացքին արտասանած աղօթքին մէջ Սրբազան Պապը ըսաւ.

«Տէր, Հայր ողորմութեան, այս «Cinta Costera»ի տարածքէն, համայն աշխարհէն ժամանած բազմաթիւ երիտասարդներու հետ միասին, խաչի ճանապարհով ընկերացանք Քու Զաւկիդ, այն ճանապարհը որուն վրայ ան ուզեց քալել՝ մեզի ցոյց տալու համար թէ որքանով Դուն մեզ կը սիրես ու ներգրաւուած ես մեր կեանքով։

Յիսուսին ճանապարհը դէպի Գողգոթայ՝ տառապանքի ու առանձնութեան ճանապարհ է, որ կը շարունակուի նաեւ մեր օրերուն։ Ան կը քալէ եւ կը տանջուի  բազմաթիւ այն դիմագիծերուն մէջ, որոնք կը տառապին մեր ընկերութեան բաւարարուած ու անզգայ դարձած անտարբերութեան համար։

Մենք եւս Տէր՝ քու բարեկամներդ,  առինքնուեցանք  անշարժութեամբ ու անտարբերութեամբ։ Դժուար թուեցաւ Քեզ ճանչնալ տառապող եղբօր մէջ։ Մեր հայեացքը այլուր դարձուցինք  չի տեսնելու համար, աղմուկին մէջ մտանք չի լսելու համար, ու մեր բերանները փակեցինք չի պոռալու համար։

Միշտ նոյն փորձութիւնն է։ Աւելի լաւ է ու աւելի շահաբեր է բարեկամ ըլլալ փառքին ու յաղթանակին, յաջողութեան ու ծափահարութիւններուն, աւելի դիւրին է մօտիկ ըլլալ անոր որ ժողովրդական ու  յաղթող կը նկատուի։

Որքան դիւրին է իյնալ բռնութեան, ոտնձգութեան ու ահաբեկումի մշակոյթին ներքոյ։

Սակայն Քեզի համար այդպէս չէ ով Տէր. Խաչին մէջ դուն քեզ նոյնացուցիր ամէն մէկ տառապողին հետ, ու բոլոր անոնց որոնք իրենք զիրենք մորացուած կը զգան։

Քեզի համար այդպէս չէ Տէր. Որովհետեւ ուզեցիր ողջագուրել բոլոր անոնք որոնք մենք բազմաթիւ անգամներ կը նկատենք անարժան գուրգուրանքի, կարեկցութեան, օրհնութեան եւ կամ աւելի գէշ՝ ոչ իսկ կ՛անդրադառնանք թէ անոնք կարիքն ունին այդ բոլորին։

Քեզի համար այդպէս չէ Տէր. խաչին մէջ դուն կը միանաս ամէն մէկ երիտասարդի Խաչի ճանապարհին ու ամէն մէկ իրադարձութեան, զայն փոխակերպելու համար յարութեան ճանապարհի։

Հայր այսօր Քու Զաւկիդ Խաչի ճանապարհը աւելիով կ՛երկարի.

Երախաներու խեղդուած աղաղակին մէջ որոնց կ՛արգիլուի աշխարհ գալ ու բազմաթիւ ուրիշներուն, որոնց կը ժխտուի մանկութիւն ունենալու իրաւունքը, ընտանիք մը, դաստիարակութիւն, որոնք չեն կրնար խաղալ, երգել ու երազել….

Բռնաբարուած, չարաշահուած ու իրենց ճակատագրին լքուած, մերկացուած ու իրենց արժանապատուութեան մէջ անտեսուած  կիներուն մէջ։

Երիտասարդներու տխուր աչքերուն մէջ որոնցմէ խլուած են ապագայի յոյսերը, դաստիարակութեան պակասի ու արժանավայել աշխատանքի պակասի բերումով։ Անոնց մէջ որոնք թիրախ են անբարեխիղճ մարդոց ցանցերուն, շահագործումի, յանցագործութեան ու չարաշահումի ցանցեր, որոնք երիտասարդներու կեանքով կը հարստանան։  

Քու Զաւկիդ Խաչի ճանապարհը աւելիով կ՛երկարի բազմաթիւ երիտասարդներու ու ընտանիքներու մէջ որոնք, կլանուած մահուան պարոյրէն, թմրամոլութեան, ալքոլամոլութեան, պոռնիկութեան ու մարդավաճառութեան պատճառով, զրկուած են ոչ միայն ապագայէն, այլեւ ներկայէն։ Եւ այսպէս Տէր այնպէս ինչպէս քու հագուստներդ բաժնուեցան կը բաժնուի ու ոտնակոխ կ՛ըլլայ նաեւ անոնց արժանապատուութիւնը։

Քու Զաւկիդ ճանապարհ Խաչին կը շարունակուի այն երիտասարդներուն մէջ, որոնք երազելու, ստեղծագործելու ու ապագան կառուցելու կարողութիւնը կորսնցուցած են, ու «թոշակ» ի դիմած են, յուսալքումի եւ համակերպումի լուծին տակ։

Ան կը շարունակուի նաեւ անոնց  մէջ, որոնք, առատութեամբ լի ընկերութենէն, փոխան զօրակցութեան, կ՛ընդունին, մերժում, տանջանք ու թշուառութիւն, եւ առ աւելին կը նկատուին  ընկերութեան չարիքներուն պատասխանատուները։

Կը շարունակուի լքուած ու անտեսուած ծերունիներու մինակութեան մէջ։ Կը շարունակուի բնիկ ժողովուրդներուն մէջ, որոնցմէ խլուած է իրենց հողը, արմատներն ու մխակոյթը, լրութեան մատնելով նաեւ անոնց իմաստութիւնը։

Քու Զաւկիդ Խաչի ճանապարհը կը շարունակուի  մայր հողի ճիչին մէջ, որ վիրաւորուած է իր արգանդներուն մէջ, միջավայրի ապականութեան պատճառաւ, անոր արտերու անպտղաբերութեան բերումով, անոր ջուրերու անմաքրութեան հետեւանքով, ու ոտնակոխ ընող խելագար ու անհեթեթ սպառողութեան պատճառաւ։

Կը շարունակուի ընկերութեան մը մէջ՝ որ ցաւին դիմաց կորսնցուց արտասուելու եւ յուզուելու կարողութիւնը։  Այո՛  Հայր, Յիսուս կը շարունակէ քալել, աշխարհի անտարբերութեան մէջ, ու իր վրայ առնել լուծը եւ տառապիլ բոլոր այդ դիմագիծերուն մէջ։

Ու մենք ի՞նչ կ՛ընենք։ Ի՞նչպէս կը հակազդենք Յիսուսի այն տառապանքին։ Կը մխիթարե՞նք եւ կ՛ընկերանանք Տիրոջ, կ՛օգնե՞նք անոր խաչը շալկելով ու դառնալով խաղաղութեան գործիքները, դաշինքներ ստեղծողներ ու եղբայրութեան թթխմոր։

Կը մնա՞նք խաչին ոտքին Մարիամի նման։  Մեր հայեացքը ուղղենք Մարիամին, ուժեղ կնոջ։

Անորմէ կ՛ուզենք սորվիլ ոտքի մնալ խաչին մօտ։ Անոր նոյն վճռակամութեան ու նոյն քաջութեամբ, առանց փախուստներու ու ցնորքի։ Ան գիտցաւ ընկերանալ իր Զաւկին ցաւին, Քու Զաւկիդ, անոր թիկունք կանգնեցաւ հայեացքով ու պաշտպանեց իր սրտով։ Ան յոյսին մեծ պահապանն է։

Մենք եւս կ՛ուզենք ըլլալ թիկունք կանգնող ու ընկերացող Եկեղեցի մը,  որ գիտէ ըսել «հոս եմ, կեանքի ու խաչի ընթացքին, բազմաթիւ քրիստոսներուն որոնք կը քալեն մեր կողքին։

Մարիամէն սորվինք «այո» ըսել, այն հայրերուն ու մայրերուն որոնք չեն դադրիր թիկունք կանգելու իրենց զաւակներուն երբ «փորձանքի» մէջ են։ Այո ըսել բոլոր անոնց որոնք չեն վհատիր ու իրենց ստեղծագործութեամբ վերստին կը սկսին ճանապարհը, նոյնիսկ երբ ամէն ինչ կորսուած թուի.Այո ըսել անոնց որոնք լռեցին ու չեն լռեր ի տես բռնութեան ու չարաշահումի մշակոյթին ու կը գործեն ընծայելու համար անվտանգութեան ու պաշտպանութեան առիթ ու պայմաններ։

Մարիամին միջոցաւ սորվինք ընկալել բոլոր անոնք որոնք կը տառապին ու ստիպուած են թողուլ հող, արմատներ, ընտանիք ու աշխատանք։

Մարիամին նման կ՛ուզենք ըլլալ Եկեղեցի մը՝ որ կը խթանէ, հիւրընկալ, պաշտպանող, ներառնող ու ընդելուզող եկեղեցի մը, որ չի դատապարտեր ու գաղթականին մէջ չի նկատէր ընկերութեան չարիքի պատճառը։

Անորմէ կ՛ուզենք սորվիլ ոտքի մնալ խաչին ոտքին, ոչ թէ փակ ու պաշտպանուած սրտով, այլ սրտով որ գիտէ ընկերանալ, կը ճանչնայ քնքշութիւնը, մասնագէտ է կարեկցութեան։ Կ՛ուզենք ըլլալ յիշողութեան մը եկեղեցի՝ որ կը յարգէ ու կ՛արժեւորէ տարեցները ու անոնց համար կը պահանջէ յարգանք։

Մարիամի նման մենք կ՛ուզենք սորվիլ «ներկայ գտնուիլ»։

Սորվեցուր մեզի Տէր, ոտքի մնալ քու խաչիդ տակ, խաչերու ոտքին։ Այս գիշեր մեր աչքերը բաց, բաց մեր սրտերը, մեզ ձերբազատէ անշարժութենէն, խառնաշփոթութենէն, վախէն ու յուսահատութենէն։

Սորվեցուր մեզի ըսել. Ես այստեղ եմ Քու Զաւկիդ հետ, Մարիամին հետ, ու բազմաթիւ սիրուած աշակերտներուն հետ, որոնք կ՛ուզեն Քու արքայութիւնդ ընկալել իրենց սրտին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2019, 00:50