Ֆրանչիսկոս Պապ «Սքոլաս Օքուրենդէս»ի պատանիներուն  հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապ «Սքոլաս Օքուրենդէս»ի պատանիներուն հետ։ 

Փանամա - Ֆրանչիսկոս Պապին պաշտօնական օրակարգէն դուրս հանդիպումներ։

Սրբազան Քահանայապետը առաքելական նուիրակութեան մէջ հանդիպեցաւ «Սքոլաս Օքուրենդէս» ցանցի երիտասարդներուն հետ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութեան ծիրէն ներս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Ուրբաթ 25 Յունուար 2019-ին, ունեցաւ պաշտօնական օրակարգէն դուրս զանազան հանդիպումներ։

Հանիդպում 450 Քուպացի երիտասարդներուն հետ։ 

Առաւօտեան՝ Փանամայի Առաքելական Նուիրակութեան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին մատուցած Սուրբ Պատարագին իրենց մասնակցութիւնը բերին Փանամայի Արքեպիսկոպոսութեան համագործակիցներ ու խումբ մը հաւատացեալներ, մինչ Փաքորայի բանտը այցելելէն առաջ Նորին Սրբութիւնը ՝ Առաքելական Նուիրակութեան մօտ գտնուող Էսքլավաս Վարժարանին մէջ  հանդիպում ունեցաւ 450 Քուպացի երիտասարդներուն հետ, որոնք սուրբ պատարագի աւարտին ուրախութիւնը ունեցան 10 վայրկեան տեւողութեամբ հանդիպում ունենալու Քահանայապետին հետ որ անոնց ուղղեց ողջոյնի հակիրճ խօսք մը ու շնորհեց իր օրհնութիւնը։

Փաքորա շրջանի մօտիկութիւն

Մինչ դէպի Փաքորա բանտ ուղեւորութեան ընթացքին, Նորին Սրբութիւնը Փանամայի արուարձանի մաս կազմող  Փաքորա թաղամասէն անցաւ Քահանայապետական սպիտակ ինքնաշարժով, որպէս այդ արուարձանային շրջանի բնակչութեան մօտիկութեան նշան։

Հանդիպում  «Սքոլաս Օքուրենդէս»ի պատանիներուն հետ

Հուսկ յետմիջօրէին, նախ քան Ճանապարհ խաչի արարողութիւնը- Սրբազան Քահանայապետը առաքելական նուիրակութեան մէջ հանդիպում ունեցաւ «Սքոլաս Օքուրենդէս» Քահանայապետական դաստիարակչական ցանցի երիտասարդներուն հետ, որոնք մասնակցած էին «Քաղաքացիութեան Սքոլաս» ծրագրին։

30 վայրկեան տեւած հանդիպումի ընթացքին Սրբազան Պապը շնորհակալութիւն յայտնելով երիտասարդներուն շեշտը դրաւ յատկապէս երիտասարդներու ու տարեցներու միջեւ երկխօսութեան վրայ ու յատկապէս կարեւորեց մեծ պապիկներու ու մեծ մամիկներու հետ երկխօսութիւնը եւ արմաներու արժէքները։

Հանդիպման ընթացքին Հոնտուրացի երիտասարդ աղջիկ մը իր յօրինած յուզիչ երգ մը ներկայացուց պատանեկան նախատինքի ու բռնութեան մասին, որ մեծ ազդեցութիւն թողուս Սրբազան Պապին վրայ։

Հոնտուրացի աղջկան երգը

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2019, 09:00