Ֆրանչիսկոս Պապ աւարտեց Փանամայի ճամբորդութիւնը ու ժամանեց Հռոմ։

Հռոմի ժամով 11.15-ին Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը ժամանեց Հռոմ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 28 Յունուար 2019-ի առաւօտեան 11.15 անց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Փանամայէն Հռոմ փոխադրող օդանաւը վայրէջք կատարեց Հռոմի Ջամփինօ օդակայան վերջ տալով Ֆրանչիսկոս Պապին միջազգային 26-րդ առաքելական ճամբորդութեան որ զինք առաջնորդած էր Փանամա այնտեղ գլխաւորելու համար երիտասարդութեան համաշխարհային 34-րդ հաւաքը։

Նորին Սրբութիւնը Փանամայէն հրաժեշտ առաւ կիրակի 27 Յունուար 2019-ի երեկոյեան Փանամայի տեղական ժամով 18.00-ին (Հռոմի ժամով կէս գիշերին), Փանամայի Թոքումէն միջազգային օդակայանին մէջ, Երկրին Նախագահին ու այլ պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ տեղի ունեցած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնէն ետք։

Փանամայէն չմեկնած Ֆրանչիսկոս Պապ իր թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակեց հետեւեալ թուիթը. «Գոհութիւն կը յայտնեմ Աստուծոյ, այս օրերը բաժնեկցելու եւ ԵՀՕ դարձեալ ապրելու կարելիութիւնը շնորհելուն համար։ Շնորհակալութիւն  բոլոր այն անձերուն, որոնք մեզի աջակցեցան իրենց աղօթքով եւ համագործակցեցան իրենց յանձնարարութեամբ եւ աշխատանքով:  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/01/2019, 11:26