Փանամայի ԵՀՕ Փանամայի ԵՀՕ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Փանամայի ճամբորդութեան վերջին օրուայ յայտագիրը։

Եզրափակիչ Սուրբ պատարագ, բարեսիրական հաստատութիւններու այցելութիւն, կամաւորներու հետ հանդիպում։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 27 Յունուար 2019-ին վերջ կը գտնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ԵՀՕ 34-րդ հաւաքին առթիւ Փանամա կատարած առաքելական ճամբորդութիւնը։

Սրբազան Հօր այս վերջին օրուայ յայտագիրը սկիզբ կ՛առնէ տեղական ժամով առաւօտեան կանուխ՝ 7-ին (Հռոմի ժամով 13.00)։  Ֆրանչիսկոս Պապ առաքելական նուիրակութենէն կը փոխադրուի «Սուրբ Խուան Փապլօ Բ» անուան  մարզադաշտ ուր՝ հազարաւոր երիտասարդներու մասնակցութեամբ  կը մատուցէ ԵՀՕ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագը որուն աւարտին ապա կը յայտարարէ յառաջիկայ ԵՀՕ հաւաքին վայրն ու թուականը։

«Հոկար Տէլ Պուոն Սամարիթանօ»

Պատարագի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը փոխադրուի «Հոկար Տէլ Պուոն Սամարիթանօ» Բարի Սամարացիի անուան հիմնարկի բարեգործական կեդրոնը ուր խնամուած են սիտայի հիւանդութենէն տառապող անհատներ։ Կեդրոնին մէջ Սրբազան Քահանայապետը կը հանդիպի եկեղեցական  այլ երեք բարեսիրական կեդրոններու մէջ խնամուած կարիքաւորներուն անոնց ուղղելով իր սրտի խօսքը  հուսկ  նոյն վայրէն կ՛արտասանէ Կիրակնօրեայ Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։

Առաքելական Նուիրակութեան մէջ Քահանայապետին ու անոր ընկերացող պատուիրակութեան ի պատիւ տեղի ունեցած հիւրասիրութենէն ետք Սրբազան Քահանայապետը յետմիջօրէի 15.15ին հրաժեշտ առնելով Առաքելական Նուիրակութենէն կ՛ուղղուի «Ռոմմել Ֆերնանտէս Խուան Տիազ» անուան մարզադաշտ ուր հանդիպում կ՛ունենայ ԵՀՕ հազարաւոր կամաւորներուն հետ անոնց ուղղելով շնորհակալական խօսք մը։

Կամաւորներու հետ հանդիպումը սկիզբ կ՛առնէ ԵՀՕ ընդհանուր պատասխանատուի ողջոյնի խօսքով որուն կը յաջորդեն երեք երիտասարդներու վկայութիւնները՝ առաջինը Լեհաստանէն՝ ուր տեղի ունեցած էր անցեալ ԵՀՕ հաւաքը, երկրորդը տեղացի, ապա երրորդը այն վայրէն ուր պիտի տօնախմբուի Երիտասարդութեան յաջորդ հաւաքը։

Վկայութիւններէն ետք խօսք կ՛առնէ ապա Փանամայի Արքեպիսկոպոսը հուսկ Նորին Սրբութիւնը իր շնորհակալական խօսքը կ՛ուղղէ ներկաներուն անոնց շնորհելով նաեւ իր առաքելական օրհնութիւնը։

Սոյն հանդիպումի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապ կը փոխադրուի Փանամայի Թոքումէն միջազգային օդակայան ուր Երկրին Նախագահին ու այլ պատկան իշխանութիւններու ներկայութեամբ տեղի կ՛ունենայ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այլ 1500 փանամացի հաւատացեալներ։

Արարողութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը կը բարձրանայ օդանաւ, որ ժամը 18.15-ին (Հռոմի ժամով 00.15) թռիչք կ՛առնէ ուղղուելով Հռոմ՝ ուր ժամանումը նախատեսուած է 11 ժամ 35 վայրկեան տեւող ճամբորդութենէ մը ետք՝ երկուշաբթի 28 Յունուար 2019-ի առաւօտեան 11.50 անց։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2019, 08:54