Կարդինալ ֆերնանտօ Սեպասթեան Ակիլար Կարդինալ ֆերնանտօ Սեպասթեան Ակիլար  

ֆրանչիսկոս Պապին ցաւակցագիրը Կարդինալ Ակիլարի մահուան ի լուր։

89 ամեայ Կարդինալ ֆերնանտօ Սեպասթեան Ակիլար մահկանացուն կնքեց 24 յունուարին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող հեռագիրով ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Սպանիոյ Փամփլոնա թեմին երբեմնի Արքեպիսկոպոս` 89 ամեայ Կարդինալ ֆերնանտօ Սեպասթեան Ակիլարի մահուան ի լուր, անոր յաջորդ գերապայծառ ֆրանսիսքօ Փերես Կոնզալէսին յղած մէկ հեռագիրին մէջ կը յիշէ ննջեցեալին նուիրումը Եկեղեցւոյ ծառայութեան ու այդ ծառայութեան առատ պտուղները։

Քահանայապետը ապա «րախտագիտութեամբ» կը յիշէ Ծիրանաւորին յանձնառումը` ըլլայ եպիսկոպոսական համահաւաք դասէն ներս, ըլլայ իրեն յանձնուած թեմերուն մէջ ու նաեւ անոր Սալամանքայի Քահանայապետական համալսարանէն ներս դաստիարակի ծառայութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ ցաւակցութիւններ ու հայրական մօտիկութիւն կ՛արտայայտէ ննջեցեալի հարազատներուն­, եղբայրակից միաբաններուն, քահանաներուն ու Կարդինալ Ակիլարէն մինչեւ 2007 առաջնորդուած Աւագ Թեմին բոլոր հաւատացեալներուն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/01/2019, 18:00