Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Հնդկաստանի եպիսկոպոսներուն:
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
'Հնդկաստանի Չենայ քաղաքի մէջ գումարուած հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան 31-րդ ընդհանուր ժողովի առիթով, Վատիկանի Պետական քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, ֆրանչիսկոս Պապին անունով պատգամ մը յղեց յիշեալ ժողովին մասնակիցներուն փոխանցելով Նորին Սրբութեան եղբայրական ողջոյնները:
Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը կ՝աղօթէ, «Աւետարանի ուրախութիւնը» նիւթով ժողովի արդիւնաբեր աշխատանքին համար: Ան կը մաղթէ, որ Հնդկաստանի բոլոր հաւատացեալները, զօրակցած Սուրբ խորհուրդներու շնորհքներով, կարենան ուրախութեան ու վեհանձնութեամբ ապրիլ իրենց կոչումը:» գրած է յանուն ֆրանչիսոկս Պապին Վատիկանի Պետական քարտուղարը Հնդկաստանի եպիսկոպոսներուն յղած պատգամին մէջ:
Յայտնենք, թէ Հնդկաստանի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի տարեկան ընդհանուր ժողովին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Հնդկաստանի մէջ Պապական նուիրակ՝ գերապայծառ Ճամպաթիսթա Տիքութրօ: Ան ելոյթին մէջ , Հնդկաստանի տեղական եկեղեցիին յորդորեց «յատուկ ուշադրութիւն ցուցաբերել մարդկութեան կարիքներուն» կարեւոր համարելով նաեւ որ Հնդկաստանի մէջ եկեղեցւոյ միութիւնը ու կղերականներու ապրելակերպի միջոցաւ ցուցաբերուած Աւետարանի ուրախութեան վկայութիւնը:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ