«ԹԵԶԷ»ի Եւրոպայի երիտասարդներուն տարեկան հաւաքը «ԹԵԶԷ»ի Եւրոպայի երիտասարդներուն տարեկան հաւաքը  

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը եւրոպայի երիտասարդներու Թէզէի 41րդ հաւաքին առթիւ։

Մատրիտի մէջ հաւաքուած երիտասարդներէն Քահանայապետը կը խնդրէ «կարեկից ըլլալ վիրաւոր մարդկութեան»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

28 դեկտեմբեր 2018-էն մինչեւ  2019-ի Յունուար մէկը, Մատրիտի մէջ տեղի կ՛ունենայ «ԹԵԶԷ»ի Եւրոպայի երիտասարդներուն տարեկան հաւաքը որ այս տարի կը բոլորէ 41րդ  փուլը որպէս բնաբան ունենաելով «Չի մոռնանք հիւրընկալութիւնը»։

15 հազար երիտասարդներ ժամադրուած են Սպանիայի մայրաքաղաքի մէջ, ուր պիտի հիւրընկալուին 170 ժողովրդապետութիւններու ու հազարւոր ընտանիքներու կողմէ, միասին ապրելով աղօթքի, բաժնեկցութեան ու տօնախմբութեան օրեր։

Դիմագրաւել հիւրընկալութեան մարտահրաւէրը։

Վերոնշեալ հաւաքին առթիւ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամով մը, երիտասարդներէն կը խնդրէ «դիմագրաւել հիւրընկալութեան մարտահրաւէրը, բանալ իրենց սրտին դռները  Տիրոջ ու Անոր Խօսքին առջեւ, խթանելու համար հանդիպումի մշակոյթ մը, ընկալելով մէկը միւսը ու յարգելով իւրաքանչիւրի տարբերութիւնը»։

Ֆրանսերէն լեզուով ուղղուած պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով անցեալ հոկտեմբերին «Երիտասարդներ, հաւատք եւ կոչումի զատորոշում» նիւթով  Հռոմի մէջ գումարուած ու երիտասարդներու  նուիրուած Եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին,  անգամ մը եւս կը հաստատէ թէ ինք ու համայն եկեղեցին կը վստահին երիտասարդներուն։ Ան ապա կը խրախուսէ երիտասարդները  վայելելու  հանդիպման ու բարեկամութեան համը, համը՝ միասնաբար երազելու ու քալելու ուրիշներուն հետ։

Կամուրջներ կառուցել ընդմէջ Եկեղեցիներու, կրօններու եւ ազգերու։

«Իսկական քրիստոնեաները վախ չունին ուրիշին բացուելու ու անոնց հետ կիսելու իրենց կենսական տարածքները, զանոնք փոխակերպելով եղբայրութեան տարածքներու» կը գրէ Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամին մէջ, ապա կը քաջալերէ երիտասարդները վերագտնելու այն իրողութիւնը թէ «կարելի է ապրիլ վեհանձն հիւրընկալութիւնը, ու սորվիլ եւ հարստանալ ուրիշներու տարբերութիւններէն, քանքարները կրկնապատկել, դառնալու համար կամուրջներ կառուցողներ՝ ընդմէջ Եկեղեցիներու, կրօններու եւ ազգերու»։

Օգտագործել շնորհապարգեւները աշխարհը աւելի լաւ վայր դարձնելու համար։

Թեզէի վերոնշեալ հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն կաթողիկէ, օրթոտոքս եւ բողոքական եկեղեցիներու պատկան երիտասարդներ։ Այս ուղղութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Հոգիէն կը հայցէ որ  երիտասարդները միւսին տարբերութիւնը ընկալեն որպէս «հաղորդութեան ուղեւորութիւն մը»  ապա երիտասարդներէն կը խնդրէ «օգտագործել իրենց շնորհապարգեւները աշխարհը աւելի լաւ վայր դարձնելու համար ու այնպէս ընելու  որ ամէն մէկ անհատ կարողանայ  իր տեղը գտնել՝ մարդկային մեծ  ընտանիքի ներքոյ», կը գրէ Սրբազան Պապը  հայցելով  որ Սուրբ Կոյս Մարիամը եւս օգնէ երիտասարդներուն, «գործնականապէս ապրելու սէրը՝ այն սէրը որ կը մղէ սիրելու զԱստուած ամէն բանէ աւելի եւ սիրելու նաեւ  անձերը որոնց հետ կը բաժնեկցինք մեր առօրեան»։

Պատգամներ քրիստոնեայ եւ քաղաքական այլ անձնաւորութիւններէ։  

Յայտնենք թէ Սրբազան Քահանայապետին վերոնշեալ պատգամը լոյս տեսաւ հինգշաբթի 27 դեկտեմբերին, Թեզէի հասարակութեան կայքէջին վրայ, որուն հետ միասին լոյս տեսան նաեւ այս առթիւ հասարակութեան ու երիտասարդներուն ուղղուած զանազան այլ պատգամներ, որոնց շարքին նշենք Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարք Բարթողոմէոս Ա-ի, Լուտերական Դաշնութեան ընդհանուր  քարտուղար Մարթին Եունկի, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար՝ Օլավ Թվէյթի եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր  քարտուղար Անթոնիօ Կութերէսի պատգամները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/12/2018, 12:38