Քոնկոյի մէջ ընտրութիւններ Քոնկոյի մէջ ընտրութիւններ 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը Քոնկոյի հանրապետութեան ի նպաստ։

Քահանայապետը մաղթեց որ երկիրն մէջ քաղաքական ընտրութիւնները «ընթանան խաղաղ եւ կանոնաւոր կերպով»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 դեկտեմբեր 2018-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան ղաօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալները հրաւիրեց զանոնք իր հետ միասին աղօթելու բոլոր անոնց որոնք Քոնկոյի  ժողովրդավար հանրապետութեան մէջ  կը տառապին «Էպոլայի» ժանտախտի եւ բռնութիւններու պատճառաւ։ Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ բոլորը յանձնառու ըլլան խաղաղ իրավիճակի պահպանումին ի նպաստ, որպէսզի երկիրն մէջ քաղաքական ընտրութիւնները «ընթանան խաղաղ եւ կանոնաւոր կերպով»։

Քահանայապետը հուսկ հրաւիրեց հաւատացեալները միասին աղօթելու «Ողջոյն քեզ Մարիամ»  աղօթքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2019, 12:33