Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայական ձեռնադրութեան տարեդարձը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

49 տարիներ առաջ՝ 13 դեկտեմբեր 1969ին, իր 33-րդ տարեդարձէն 4 օրեր առաջ,  Եորկէ Մարիօ Պերկոլիոն կ՛ընդունէր քահանայական ձեռնադրութիւնը, ձեռամբ Քորտոպայի երբեմնի Արքեպիսկոպոս գերապայծառ Ռամոն Խոսէ Քասթելլանոյի։  Այդ օր Եորկէ Պերկոլիօ կ՛իրականացնէր իր երազը, որ սկիզբ առած էր 21 տարեկանին, երբ անդամակցեցաւ Յիսուսեան Միաբանութեան վճռելով դառնալ քահանայ՝ այլ ոմն Քրիստոս։

Ֆրանչիսկոս Պապին համար Քահանան այն անձն է որ ողորմած է, նման Բարի Հովիւին, Քահանան կարեկցութեան եւ ողորմութեան մարդ է, մօտիկ իր ժողովուրդին ու ծառայող բոլորին։ Քահանան կանչուած է դարմանելու վէրքերը։

Քահանան, կը հաստատէ միշտ Ֆրանչիսկոս Պապ, այն անձն է որուն սիրտը խարսխուած է Յիսուսին մէջ։ Ան իր հայեացքը չուղղէր ինքն իր վրայ այլ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն վրայ։ Ան չի հրապուրուիր անցողական իրականութիւններով ու չի բաւարարուիր մանր  գոհունակութիւններով, անոր սիրտը պարուրուած է Սուրբ Հոգիով ու բաց եւ տրամադիր է եղբայրներուն նկատմամբ։ 

Ի վերջոյ Քահանան մօտիկ է ժողովուրդին ու անոնց մէջ կ՛ապրի, կարեկցութեան եւ քնքշութեան հոգիով, նման Բարի Հովիւին որ յաճախ կը քալէ ոչխարներուն առջեւէն ու մերթ ընդ մերթ անոնց ետին կամ անոնց միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2018, 08:37