Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարին, հաշուեկշիռ մը՝ Աւետարանի լոյսին տակ:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր բոլոր խորհրդածութիւններուն մէջ ցոյց տուաւ երկու ուղիներ, առաջին՝ Քրիստոնեաները կանչուած են բոլորին փոխանցելու Յիսուսի հետ իրենց ունեցած հանդիպումի ուրախութիւնը, այս մէկը նկատելով, որպէս առաքելութիւնը մը, որ կ՝ընդգրկէ Աւետարանի թարմութիւնը : Երկրորդ՝ ունենալ բաց եւ հիւրընկալ եկեղեցի մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Պապին 2018 տարուան հաշուեկշիռը ներկայացնելու նպատակաւ նախ նշենք, թէ 2018 տարին, ֆրանչիսկոս Պապին համար եղաւ փոթորկոտ եւ դժուարութիւններով լի տարի մը, որուն մասին Սրբազան Հայրը արտայայտուեցաւ , Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան տօնի առթիւ, Հռոմի Քուրիայի անդամներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին:
Քահանայապետին 2018 տարուան ընթացքին ներկայացուցած բոլոր խորհրդածութիւններուն նիւթը եղաւ Քրիստոսակեդրոն: Ան իր ներկայացուցած 46 ընդհանուր ունկնդրութիւններուն, Սանթա Մարթա մատրան մէջ ներկայացուցած 89 քարոզներու եւ այլ հանրային Պատարագներու ընթացքին կատարած խորհրդածութիւններուն մէջ, շեշտեց Յիսուսի հետ կենդանի հանդիպում ունենալու կարեւորութիւնը, որուն մասին անդրադարձած է «Աւետարանի ուրախութիւն» իր յորդորագիրին սկիզբը, գրելով «Աւետարանի ուրախութիւնը կը լեցնէ սիրտն ու համայն կեանքը , բոլոր անոնց որոնք Յիսուսին կը հանդիպին:
Ֆրանչիսկոս Պապ իր բոլոր խորհրդածութիւններուն մէջ ցոյց տուաւ երկու ուղիներ: Առաջին՝ Քրիստոնեաները կանչուած են բոլորին փոխանցելու Յիսուսի հետ՝ իրենց ունեցած հանդիպումի ուրախութիւնը, այս մէկը նկատելով որպէս առաքելութիւնը մը, որ կ՝ընդգրկէ Աւետարանի թարմութիւնը : Երկրորդ՝ ունենալ բաց եւ հիւրընկալ եկեղեցի մը:
Ֆրանչիսկոս Պապ շեշտեց որ Եկեղեցին կանչուած է միշտ բաց տուն մը հանդիսանալու՝ Հօր համար, դիտել տալով, որ Սուրբ Հաղորդութիւնը պէտք չէ նկատուի, որպէս բարենիշ կատարեալներուն համար, այլ Ան սնունդ է տկարներուն։ Սրբազան Պապը նկատել տուաւ նաեւ թէ եկեղեցին մաքսատուն մը չէ այլ եկեղեցին հօրենական տուն է , ուր տեղ կայ բոլորին՝ անխտիր: Այս կապակցութեամբ ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ կրկնեց , որ ինք կը նախընտրէ դէպի դուրս գացող եւ ճամբաներու վրայ եկեղեցի մը՝ վիրաւորուած ու կեղտոտ քան հիւանդոտ, տժգոյն ու ինքնիր մէջ փակուած եկեղեցի մը, որ կ՝ապրի հանգստաւէտ կեանքը մը հիմնուած իր ապահովութիւններուն վրայ:
Ապա ի տես եկեղեցին յուզող բաժանումներուն Ֆրանչիսկոս Պապ 2018 տարուան ընթացքին յաճախ կոչ ուղղեց աղօթելու Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքը ամէն օր՝ եկեղեցին պաշտպանելու սատանային թակարդներէն , որ միշտ կը միտի մեզ Աստուծմէ բաժնել եւ մեր միջեւ բաժանումներ ստեղծել:
2018 տարին եկեղեցւոյ համար դժուար տարի եղաւ նաեւ մանկապղծութեան գայթակղութեան պատճառաւ գործադրուած կարգ մը կղերականներու կողմէ: Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ , 20 օգոստոսին 2018-ին, Աստուծոյ ժողովուրդին յղած նամակին մը մէջ ընդգծեց զեռօ հանդուրժողականութեան, ճշմարտութեան, արդարութեան, կանխարգիլումի եւ ամոքումի ուղիները դիտել տալով որ եկեղեցին միշտ զոհերուն կողքին է, եւ ամրօրէն յանձնառու է անչափահասներու պաշտպանութեան ուղիով :
Մանկապղծութեան հարցի ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Պապ կարգալոյծ ըրաւ զանազան կրօնաւորներ, եպիսոպոսներ ու կարդինալներ: Ան ապա աշխարհի համայն երկիրներու եպիսկոպոսական համահաւաք դասերուն նախագահները , յառաջիկայ փետրուարին, Վատիկան հրաւիրեց վեհաժողովի մը, քննարկելու համար մանկապղծութեան հայող բոլոր հարցերը:
2018 տարին յատկանշուեցաւ նաեւ անցեալ Հոկտեմբեր ամսուայ մէջ գումարուած երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներու սիւհնոդոդոով, որուն առթիւ Ֆրանչիկոս Պապ մեկնելով Աւետարանի ուրախութիւն իր յորդորագիրէն, հրաւէր ուղղեց ՝ եկեղեցւոյ մէջ միասնաբար ընթանալու՝ առանց ոեւէ մէկը թողելու ճամբաներուն եզրին: Ան՝ եպիսկոպոսներուն սիւնհոդասական եզրափակիչ փաստաթուղթին մէջ խնդրեց որ երիտասարդները, կիներն ու աշխարհականները դարձեալ դառնան եկեղեցւոյ դերակատարները ու բոլորս միասին քալենք՝ մասնաւորաբար ՝դէպի սրբութիւն։
Ինչ կը հայի 2018 տարեշրջանին միջազգային առաքելական ճամբորդութիւններուն Ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Չիլէի հանրապետութիւնը ուր հանդիպում ունեցաւ սեռային բռնութիւններու թիրախ զոհերուն հետ, ներողութիւն հայցելով անոնցմէ: Ան ապա այցելեց Փերույի հանրապետութիւնը ուր ողջագուրեց Ամազոնեան տարածաշրջանի ժողովուրդները: Քահանայապետը հուսկ համամիութենական ուխտագնացութիւն կատարեց Ճընեւ, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց քրիստոնեայ բոլոր դաւանաքներուն, վկայելու Քրիստոսը՝ անկախ դաւանանքային պատկանելիութենէն։
ֆրանչիսկոս Պապ այցելեց Տապլին ուր հանդիպում ունեցաւ ընտանիքներուն հետ վայելելով անոնց ջերմ ընդունելութիւնը: 2018 տարուան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը այցելեց նաեւ Պալթեան երեք երկիրներ, որոնց ընթացքին յիշեց Նացիական եւ համայնավարութեան համակարգի ժամանակ տեղի ունեցած հալածանքները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ Քրիստոնեայ մարտիրոսներու հաւատարմութիւնը:
Ի վերջոյ 2018 տարին եկեղեցւոյ եւ Ֆրանչիսկոս Պապին համար կարեւոր տարի մը եղաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի եւ Չինաստաին միջեւ կնքուած ժամանակաւոր համաձայնութեան համար։ Այս առնչութեամբ Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեալ համաձայնութեան առթիւ յղած պատգամի մէջ լուսաբանեց համաձայնութեան ստորագրութեան պատճառները որ է խթանել Աւետարանի հռչակումը եւ հասնիլ Չինաստանի մէջ կաթողիկէ հասարակութեան միութեան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2018, 13:04