Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը Եգիպտոսի Ղպտի ուխտաւորներու դէմ ահաբեկչական արարքին ի լուր։

Կ՛աղօթեմ զոհերուն համար, ուխտաւորներ որոնք սպաննուեցան պարզապէս իրենց քրիստոնեայ պատկանելիութեան համար:

Ռոպէր Աթթարեան  - Վատիկան

Կիրակի 4 նոյեմբեր 2018-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Mարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորները, իր խոր ցաւը յայտնեց՝ ի լուր երկու օրեր առաջ, Եգիպտոսի Ղպտի Օրթոտոքս եկեղեցին հարուածող ահաբեկչական յարձակումին։

Ունկնդրէ լուրը

«Կ՛աղօթեմ զոհերուն համար, ուխտաւորներ որոնք սպաննուեցան պարզապէս իրենց քրիստոնեայ պատկանելիութեան համար ու Ամենասուրբ Մարիամէն կը խնդրեմ որ մխիթարէ անոնց ընտանիքները ու համայն հասարակութիւնը» ըսաւ Քահանայապետը ապա ակնարկեց երէկ՝ Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս Պազիլիքային մէջ Երանելի հռչակուած Քոյր  Քլելիա Մերլոնիին, հրաւիրելով հաւատացեալները հետեւելու անոր բարութեան եւ ողորմութեան օրինակին։ 

Սրբազան Պապը ողջունեց հուսկ հրապարակը համախմբուած զանազան վայրերէն ժամանած ուխտաւորներուն խումբերը ապա հրաժեշտ առաւ ներկաներէն բոլորին մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/11/2018, 12:18