Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ «տարածել Սուրբ Հաղորդութեան մշակոյթ մը:»

Սուրբ Հաղորդութիւնը եկեղեցական կեանքի կեդրոնն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 10 նոյեմբերին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարներուն, քահանայապետական կոմիտէին, տարեկան ընդհանուր նիստի մասնակիցները:

Այս առթիւ, ներկաներուն ուղղած ճառին սկիզբը Սրբազան հայրը անդրադարձաւ 2020 թուականին Պուտաբեշտ քաղաքին մէջ կայանալիք Սուրբ Հաղորդութեան միջազգային համագումարին, նկատել տալով որ այդ ձեռնարկը պիտի նշուի եւրոպայի այն մեծ քաղաքին մէջ, ուր քրիստոնեայ հասարակութիւնները կ՝ակնկալեն նոր աւետարանացում մը , որ կարող է համեմատուիլ աշխարհականացած նորարութեան հետ, ինչպէս նաեւ համաշխարհայնացումի հետ, որ վտանգի կ՝ենթարկէ հարուստ եւ երփներանգ պատմութեան մը առանձնայատկութիւնը:

Սրբազան Հայրը ապա խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պատարագին վրայ, յիշել տալով, որ եկեղեցական կեանքի կեդրոն կը նկատուի Սուրբ Հաղորդութիւնը որ Սուրբ Զատկուան խորհուրդն է եւ կարող դրական ազդեցութիւն ունենալ ոչ միայն մկրտուած անհատներուն վրայ այլեւ համայն նորարար քաղաքին վրայ, որուն մէջ մարդիկ կ՝ապրին ու կը գործեն:

Սրբազան Հայրը ապա նկատել կու տայ, որ անտարբերութեան հիւանդութեամբ եւ բաժանումներով բնորոշուած եւրոպայի մէջ, Քրիստոնեաները, նախ եւ առաջ Կիրակիէ կիրակի, իրենց հաւատքի պարզ ու զօրաւոր ժեսթը կը նորոգեն, համախմբուելով որպէս եղբայրներ, Տիրոջ անունով, ապա մատնանշեց թէ հոն է որ կը հրաշքը կը կրկնուի՝ Աստուծոյ խօսքին ունկնդրութեամբ եւ բեկանուած հացի ժեսթով, նոյնիսկ ամէնէն փոքրիկ հաւատացեալներուն խումբ մը Տիրոջ մարմինը կը դառնան, ինչպէս նաեւ աշխարհի մէջ Աստուծոյ տապանակը:

Սրբազան Հայր ապա մաղթանք յայտնեց, որ Պուտաբեշտի Սուրբ Հաղորդութեան համագումարը, կարենայ նպաստել Քրիստոնեայ հասարակութիւններուն մէջ վերանորոգումի գործընթացին, որպէսզի Փրկութիւնը, որուն աղբիւր Սուրբ Հաղորդութիւնն է, կարենայ նաեւ դառնալ Սուրբ հաղորդութեան մշակոյթ մը որ կարող է ներշնչել՝ եղբայրսիրութեան, զօրակցութեան խաղաղութեան ընտանիքի եւ բնապահպանութեան ոլորտներէն ներս գտնուող, բարի կամք ունեցող այր մարդոց ու կիներուն:

Սրբազան Հայր խօսքը աւարտեց հայցելով Տիրամօր հովանին համագումարին մասնակիցներուն, անոնց հասարակութիւններուն խնդրելով ինչպէս միշտ, որ աղօթեն իրեն համար:

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/11/2018, 12:45