Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս Եպիսկոպոսական սիւնհոդոս 

Երիտասարդներուն նուիրուած սիւնհոդոսը կը հասնի իր աւարտին։

Հոկտեմբեր 3-ին սկիզբ առած Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը՝ կ՛աւարտէ իր աշխատանքները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ 3 հոկտեմբեր 2018-ին  Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին գլխաւորած հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագով սկիզբ առած  «Երիտասարդներ, հաւատքը ու կոչումի զատորոշումը» բնաբանով, Եպիսկոպոսներու 15-րդ սովորական սիւնհոդոսը՝ շաբաթ 27 հոկտեմբերի  երեկոյեան կ՛եզրափակէ իր աշխատանքային նիստերը։

Չորս շաբաթ տեւած աշխատանքային նիստերը

Շուրջ չորս շաբաթ տեւող սիւնհոդոսի ընթացքին գումարուեցան 22 ընդհանուր նստաշրջաններ որոնց  ընթացքին ժողովականները քննարկեցին ու միասնաբար խորհրդածեցին սիւնհոդոսի առթիւ պատրաստուած  ու աշխատանքային նիստերու ուղեցոյց հանդիսացող «աշխատանքային թղթածրարի»  մասին։

Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին նպատակն է «Ընկերանալ երիտասարդներուն կեանքի ուղեւորութեան՝ դէպի հասունութիւն, որպէսզի զատորոշումի գործընթացի մը ընդմէջէն անոնք կարողանան վերագտնել իրենց կեանքին ծրագիրը ու զայն իրականացնեն ուրախութեամբ, բացուելով Աստուծոյ ու մարդոց հետ հանդիպումին եւ գործնական կերպով մասնակցելով Եկեղեցւոյ եւ ընկերութեան կերտումին» ինչպէս հաստատած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ 2016-ի Հոկտեմբեր 6-ին, սիւնհոդոսի գումարումին առթիւ հրապարակուած մէկ հաղորդագրութեան մէջ։

Աշխարհի բոլոր վայրերէն եպիսկոպոսներու մասնակցութիւնը

Սիւնհոդոսական նիստերուն իրենց մասնակցութիւնը  բերին աշխարհի զանազան վայրերէն   ժամանած ու աշխարհի եկեղեցիները ներկայացնող 267 սիւնհոդոսական հայրեր որոնց շարքին՝ Արեւելեան Եկեղեցիները ներկայացնող 15 Պատրիարքներ, ու Ինքնուրոյն Եկեղեցիներու Աւագ Եպիսկոպոսներ, Վատիկանի Վերին իշխանութեան 16 պատասխանատուներ, Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղարն ու ենթաքարտուղարը, սովորական 15-րդ սիւնհոդոսի 15 անդամներ եւ եպիսկոպոսական համահաւաք դասերու կողմէ ընտրուած 181 եպիսկոպոսներ, ապա Քահանայապետական անուանումով 41 մասնակիցներ ինչպէս նաեւ 23 մասնագէտներ ու 49  «ունկնդիրներ» որոնց շարքին 18-29 տարեկան 34 երիտասարդներ։ Սիւնհոդոսին մասնակցեցան նաեւ քոյր եկեղեցիները ներկայացնող ութը կղերականներ։

Վերջին օրուայ յայտագիրը

Շաբաթ 27 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ քան նիստերու սկիզբը ուզեց յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել Սիւնհոդոսի Քարտուղարութեան բոլոր այն անդամներուն  որոնք աշխատեցան սիւնհոդոսի կազմակերպութեան ու անոր յաջող ընթացքին համար ապա միւս սիւնհոդոսական հայրերուն հետ միասին մասնակցեցաւ սիւնհոդոսական 21-րդ նստաշրջանին որ սկիզբ առաւ աղօթքով՝ առաւօտեան 8.30-ին, որմէ ետք՝ աշխատանքային նիստի ընթացքին ընթերցումը կատարուեցաւ ու ժողովականներուն ներկայացուեցաւ սիւնհոդոսի «աւարտական զեկոյցը»։

Կէսօրուայ դադարէն ետք սիւնհոդոսական 22-րդ նստաշրջանը դարձեալ կը սկսի աղօթքով ապա տեղի կ՛ունենայ սիւնհոդոսական փաստաթուղթին հայող քուէարկութիւնը, որուն աւարտին Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ բոլոր ժողովականները միասին կ՛արտասանեն   «գոհաբանական աղօթք» վերջ տալով Երիտասարդներուն նուիրուած եպիսկոպոսներու 15-րդ սիւնհոդոսի աշխատանքային նիստերուն, մինչ պաշտօնական փակումը նախատեսուած է վաղը՝ Կիրակի 28 հոկտեմբեր 2018-ի, առաւօտեան 10-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախագահութեամբ Սուրբ Պետրոսի մէջ տեղի ունենալիք հանդիսաւոր սուրբ պատարագի արարողութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/10/2018, 07:59