Ֆրանչիսկոս Պապ Վարդարանի Տիրամօր Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ (2015) Ֆրանչիսկոս Պապ Վարդարանի Տիրամօր Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ (2015) 

Վարդարանի Տիրամօր տօնին առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին հրաւէրը ամէն օր աղօթելու վարդարանը։

«Կը վերանորոգեմ հրաւէրը Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին ամէն օր աղօթելու վարդարանը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

«Այսօր Վարդարանի Տիրամօր տօնն է, յատուկ ողջոյն մը կ՛ուղղեմ Փոմփէյի Սրբավայրին մէջ համախմբուած հաւատացեալներուն, որոնք կը մասնակցին «պաղատանքի» աւանդական արարողութեան, որ կը նախագահէ Սուրիոյ Առաքելական նուիրակ Կարդինալ Մարիօ Զենարին։ Կը վերանորոգեմ հրաւէրը Հոկտեմբեր ամսոյն ընթացքին ամէն օր աղօթելու վարդարանը, զայն աւարտելով «Քու Հովանիիդ տակ» Տիրամօր ուղղուած աղերսանքով եւ Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին ուղղուած աղօթքով, հակազդելու համար սատանային յարձակումներուն, որով ան կ՛ուզէ եկեղեցին բաժնել»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կոչը զոր ուղղեց Սուրբ Պետրոսի վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներուն եւ աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն, կիրակի 7 հոկտեմբեր 2018-ին, կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի աւարտին վերանորոգելով կոչը աղօթքի զէնքով պայքարելու համար սատանային դէմ։  Նորին Սրբութիւնը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու խումբեր ապա բոլորին  բարի կիրակիի մաղթանքը փոխանցելէ ետք խնդրեց որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2018, 12:08