Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 6 հոկտեմբերի գործունէութիւնը. Սլովաքցի ուխտաւորներու հետ հանդիպում։

Եւրոպական ցամաքամասը կարիքը ունի վերագտնելու իր արմատներն ու կոչումը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 6 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց Չինաստանի ի նպաստ յանձնախումբի անդամները ապա  հաւատարմագրերու ներկայացման առթիւ ընդունեց Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան նոր նշանակուած դեսպանը՝ Տիար Միքայէլ Քոքը որմէ ետք ընդունեց Ուկրանիայի մօտ առաքելական նուիրակը՝ գեղապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։

Ժամը 11-ին Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Սլովաքիայէն ժամանած՝ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 1300 ուխտաւորներուն, որոնք Փրեզովի թեմին 200 յոբելեանի առիթով ուխտագնացութեամբ ժամանած են Հռոմ, աղօթելու համար Սուրբ Պետրոսի դամբանին վրայ։ Միչ յետմիջօրէի 5-ին Սրբազան Քահանայապետը եպիսկոպոսներու սիւնոհոդոսական հայրերուն հետ միասին կը հանդիպի 7000 երիտասարդներուն հետ։

Ունկնդրէ լուրը

Սլովաքցի ուխտաւորներուն հետ ունեցած հանդիպուին ընթացքին անոնց ուղղած խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը բարի գալուստ մաղթելով անոնց ընդգծեց Սլովաքիայի Յոյն-Կաթողիկէ եկեղեցւոյ կարեւոր առաքելութիւնը, մատնանշելով Փրեզովի Թեմին հաստատումին 200-րդ յոբելեանին։

Սրբազան Պապը ողջունեց ապա թեմին առաջնորդն ու անոր օգնականները խրախուսելով զանոնք շարունակելու իրենց առաջնորդի եւ հօր գործունէութիւնը, ի սպաս իրենց խնամքին յանձնուած Աստուծոյ ժողովուրդին։ «Հետեւեցէք ձեր նահատակներու լուսաւոր օրինակին, տարածեցէք բարին, խաղաղութիւնը, վեհանձնութիւնն ու հեզութիւնը միշտ մնալով հովիւներ Աստուծոյ սրտին համաձայն ու հետեւելով Քրիստոսի հետքերուն որ եկած էր ոչ թէ ծառայութիւն ընդունելու այլ ծառայելու» յարեց Սրբազան Պապը, ապա խօսքը ուղղեց քահանաներուն, ամուսնացեալ եւ կուսակրօն,  շնորհակալութիւն յայտնելով  անոնց՝ մատուցած ծառայութեան ու վկայութեան համար, զանոնք եւս հրաւիրելով իրենց եկեղեցւոյ պատմութենէն քաղելու օրինակներ, յատկապէս այն եկեղեցականներէն որոնք անցեալին ապրեցան հալածանքներ, տեղահանութիւններ ու ամէն տեսակ զրկումներ... «Այսօր եւս ձեր սերունդը պէտք է ցոյց տայ նոյն հաւատարմութիւնը ի տես  նորանոր վտանգներուն» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ զգուշացնելով ներկաները աշխարհականութեան  ու կղերապաշտութեան վտանգներէն։

Սրբազան Քահանայապետը ապա խօսքը ուղղեց ներկայ հաւատացեալներուն դիտել տալով թէ Եւրոպական ցամաքամասը կարիքը ունի վերագտնելու իր արմատներն ու կոչումը։ «Քրիստոնէական արմատները կարող են միայն ծիլ տալ տոկուն ծառերու՝ որոնք կը պարգեւեն պտուղներ լի մարդկային արժանապատուութեամբ» հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը քաջալերելով հաւատացեալները պահպանելու Բիւզանդական աւանդութիւնը ու զայն ապրելու լիութեամբ,Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ հաղորդութեան մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ապա ուշադրութիւնն դարձնելու աւետարանութեան գործընթացքին «որ չի հայիր միայն հովիւներուն ու քահանաներուն այլեւ ծնողներուն ու ընտանիքներուն» ըսաւ Ան, ընդգծելով ծնողաց մեծ դերակատարութիւնը քրիստոնէական դաստիարակութեան ծիրէն ներս։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը աւարտեց ներկաներէն խնդրելով որ զինք յիշեն քիչ ետք մատուցուելիք սուրբ պատարագի ընթացքին, ու հայցեց Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, «որպէսզի, ըսաւ Սրբազան Պապը, պաշտպանէ եկեղեցին այս դժուար ժամանակահատուածի ընթացքին, ու հսկէ երիտասարդներու սիւնհոդոսին վրայ», հուսկ բոլոր ներկաներուն ու անոնց սիրելիներուն ինչպէս նաեւ Սլովաքիայի համայն Յոյն կաթողիկէ հասարակութեան  շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/10/2018, 12:00