Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Ֆրանսայի Վիվիէ թեմին երիտասարդները:

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելու մասին, յայտնելով որ Աստուծոյ խօսքը ամենէն լաւ հասկցողները , աղքատներն են:

Երկուշաբթի, 29 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ այլ պաշտօնական հանդիպումներու ծիրէն ներս ընդունեց Ֆրանսայի «Վիվիէ» թեմին երիտասարդները որոնք վերջերս մէկ ամիս տեւողութեամբ, յատուկ առաքելութեամբ մեկնած էին՝ Արժանթին, մօտէն ծանօթանալու համար Լա Ռիոխա թեմին, գերապայծառ Անճելելլիի, Քարլոս Մուրիասի, Վինչեսլավ Փերնտերայի եւ Հայր Լոնկվիլլի հետքերուն վրայ։
Վիէիէ թեմի երիտասարդները, Արժանթինի մէջ վերոնշեալ մարտիրոսներու հետքերուն հետեւելով, կարողացան բացայայտել առաքելութեան վսեմութիւնն ու անոր վտանգները, որոնք բոլորս Տիրոջ ծառաներն ու բարեկամներ կը դարձնեն, այն Տէրը, որ աշխարհ չեկաւ ծառայութիւն ընդունելու՝ այլ ծառայելու համար (Մատթ. 20,28): երիտասարդներուն՝ Լա Ռիոխա թեմին մէջ ապրած աղօթքի գեղեցիկ փորձառութիւնը եղբայրական բաժնեկցութիւնն ու ծառայութիւնը քաջալերանքի աղբիւր եղան յարատեւելու համար Աստուծոյ ծառայութեան մէջ՝ Յիսուսի ուղիին վրայ:
Վիվիէ» թեմին երիտասարդներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մէկդի դնելով պատրաստուած ճառը ուզեց զրոյց ունենալ անոնց հետ պատասխանելով իրենց ուղղուած կարգ մը հարցումներուն.

Նորին Սրբութիւնը խօսեցաւ Աստուծոյ խօսքը ունկնդրելու մասին, յայտնելով որ Աստուծոյ խօսքը ամենէն լաւ հասկցողները , աղքատներն են՝ հոգիով աղքատները: Աստուծոյ խօսքը լաւ լսելու եւ լաւ հասկնալու համար պէտք է զայն բաց սրտով ունկնդրենք թելադրեց Նորին Սրբութիւնը որ ապա անդրադարձաւ հասարակաց եւ անհատական աղօթքին՝ նշելով որ նոյնիսկ անհատական աղօթքի ընթացքին , մինակ չենք այլ մեզի կ՛ընկերանայ համայն հասարակութիւնը, համայն եկեղեցին:
«Ամբոխին հետ միասին կատարած մեր աղօթքը աւելի հզօր է որովհետեւ մէկը միւսին կ՛օգնենք՝ միասին աղօթելու նպատակով» ըսաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Հայրը որ խօսեցաւ նաեւ աւետարանումի մասին նշելով, որ աւետարանումը կը կատարուի ուղիներու վրայ: Յիսուս իր առաքեալները առաքեց աւետարանելու ամենուրեք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/10/2018, 12:30