Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին 25 հոկտեմբերի գործունէութիւնը։

Ժամը 12-ին Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ՝ Կարդինալ Պալտիսերրիի նախագահած Սուրբ պատարագին

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի՝ 25 հոկտեմբեր 2018-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ յաջորդաբար ընդունեց՝ Հաւատոյ Ժողովի կառավարիչ՝ Կարդինալ Լուիս Ֆրանսիսքօ Լատարիա Ֆերրերը, Քոլոմպիայի մօտ առաքելական նուիրակ՝ գերապայծառ Լուիս Մարիանօ Մոնթեմայորը ու Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի ընդհանուր քարտուղար՝ գերապայծառ Սթեֆանօ Ռուսսոն։

Ժամը  12-ին Սրբազան Քահանայապետը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ Կարդինալ Պալտիսերրիի նախագահած Սուրբ պատարագին, որով աւարտեցաւ Սիւնհոդոսական հայրերուն ու սիւնհոդոսի մասնակցող երիտասարդներուն յատուկ ուխտագնացութիւնը։

Արարողութեան սկիզբը Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը ներկաները հրաւիրեց վերահաստատելու իրենց հաւատքը, ապա աղօթք բարձրացուց առ Հայր Աստուած, հայցելով որ բոլորը հաստատէ իր ճշմարտութեան ու սիրոյ մէջ, հուսկ Սուրբ Պետրոսի բարեխօսութեամբ խնդրեց որ «մեզի պարգեւէ յաղթանակը՝ մեղքին վրայ ու հոգւոյ իսկական ազատութիւնը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2018, 12:18