Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Հաւատքը կարող է փոխել պատմութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապը Չինաստանի կաթողիկէներուն։

Սրբազան Քահանայապետին պատգամը ուղղուած Չինացիներուն եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ համայն ժողովուրդին։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 26 սեպտեմբեր 2018Կաթողիկէ Չինացիներուն եւ Տիեզերական Եկեղեցւոյ յղած մէկ պատգամին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապ կը բացայայտէ պատճառները որոնք զինք մղեցին  Չինաստանի հանրապետութեան հետ  ստորագրելու ժամանակաւոր պայմանագիրը, այն է «Աւետարանի Աւետիսը խթանել ու ձեռք բերել կաթողիկէ հասարակութեան միութիւնը»։

Սրբազան Քահանայապետին  պատգամը կը սկսի կաթողիկէներուն ուղղուած  քաջալերանքի խօսքով մը «Մի վախնար փոքրիկ հօտ» բառերով վստահեցնելով որ Չինացի կաթողիկէները «միշտ ներկայ են իր աղօթքներուն մէջ»։

Նորին Սրբութիւնը ապա կ՛ակնարկէ՝  «վերջին շրջաններու շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, որոնք շփոթութիւն պատճառեցին, սրտերուն մէջ յարուցելով հակառակ զգացումներ» կը գրէ Ան մատնանշելով նաեւ Չինաստանի Կաթողիկէներու կողմէ կրած  չարչարանքներուն ու անոնց այն զգացումին ու մտաբերումին՝ թէ այսօր՝ ժամանակաւոր պայմանագիրի ստորագրութեամբ,  մի գուցէ լքուած ըլլան Եկեղեցիէն։

Սրբազան Հայրը իր անկեղծ հիացմունքը կ՛արտայայտէ Չինացի հաւատացեալներուն «որ է նաեւ, կը գրէ Ան, համայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հիացմունքը», ի տես անոնց հաւատքի մէջ յարատեւութեան, հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Անցեալի այդ փորձառութիւնները կը պատկանին Չինաստանի հոգեւոր ժառանգութեան ու համայն Աստուծոյ ուխտաւոր ժողովուրդին» կը հաստատէ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ Տէրը՝ դժուարութիւններու ընդմէջէն իսկ երբեք չի զլանար մեզ լիացնելով իր մխիթարութիւններով ու մեզ պատրաստելու աւելի մեծ ուրախութեան»։ Քահանայապետը ապա կը յորդորէ «աչքերը սեւեռել այն հովիւներուն ու հաւատացեալներուն վրայ որոնք մէկ վայրկեան իսկ չի տատամսեցան իրենց Աւետարանական գեղեցիկ վկայութիւնը նուիրելու, նոյնիսկ կեանքի զոհաբերումով», այդ անձերը նկատելով՝ Աստուծոյ իսկական բարեկամներ։

Նորին Սրբութիւնը ապա կը գրէ թէ պայմանագիրը պտուղն է երկար երկխօսութեան մը գործընթացին որ սկիզբ առած է Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի օրով ու շարունակուած Վաստակաւոր Քահանայապետ Պենետիկտոսի ժամանակ եւ ունի Եկեղեցւոյ հովուական ու հոգեւոր նպատակակէտը՝ այն է »Աւետարանի հռչակումը եւ Չինաստանի կաթողիկէ եկեղեցւոյ միութիւնը»։

Սրբազան Պապը ապա կ՛ակնարկէ Աբրահամին ու անոր Աստուծմէ ընդունած կոչին եւ հրահանգին նկատմամբ ցուցաբերած անվերապահ հնազանդութեան, դիտել տալով թէ «եթէ Աբրահամ պայմաններ դնէր Աստուծոյ. մի գուցէ երբեք դուրս պիտի չի գար իր երկրէն»։ Ան ամբողջութեամբ վստահեցաւ Աստուծոյ ու Անոր խօսքին եւ թողելով իր տունը եւ իր ապահովութիւնները ճամբայ ելաւ։ «Արդարեւ Աբրահամի հաւատքն է որ փոխեց պատմութիւնը»  նշեց Քահանայապետը աւլեցնելով «Որպէս Սուրբ Պետրոսի յաջորդ կ՛ուզեմ ձեզ վերահաստատել այդ հաւատքին մէջ, ձեզ հրաւիրելով միշտ աւելիով ձեր վստահութիւնը դնել Տիրոջ վրայ ու Եկեղեցւոյ կողմէ իրագործուած Անոր կամքին զատորոշումին վրայ»։

Ֆրանչիսկոս Պապ կ՛անդրադառնայ ապա Չինացի Եպիսկոպոսներու անուանումներու հարցին որ ժամանակին, Չինաստանի մէջ վերապահուած էր միայն կառավարութեան, մինչ Քահանայապետերու կողմէ նշանակուած եպիսկոպոսները նկատուած էին անօրէն։ Այս ուղղութեամբ Սրբազան Հայրը կառավարական եպիսկոպոսներուն շնորհեց ներում ու զանոնք դասեց միւս եպիսկոպոսներու շարքին հրաւիրելով զանոնք տեսանելի ու շօշափելի արարքներով արտայայտելու Սուրբ Աթոռի հետ վերագտնուած միութիւնը։ Ապա Չինաստանի Կաթողիկէները խրախուսեց ըլլալու «հաշտութեան շինարարներ», այն գիտակցութեամբ թէ չկայ ոչ մէկ օրէնք որ կարող է Աստուծոյ արգելք հանդիսանալ ողջագուրելու զաւակը որ Իրեն կը վերադառնայ՝ ճանչնալով իր սխալը։ Այս ծիրէն ներս Ան մաղթեց որ սկիզբ առնէ նոր ընթացք մը, որ սատարէ անցեալի վէրքերու դարմանումին ու Չինաստանի կաթողիկէներու միջեւ հաստատելու լիակատար հաղորդութիւնը։

Քահանայապետը հուսկ շեշտը դրաւ «ընտրեալ թեկնածուներ» եպիսկոպոս նշանակելու հարկաւորութեան վրայ, համայն Աստուծոյ  ժողովուրդը հրաւիրելով սատարելու այդ ընտրանքին, ապա  Չինացի կաթողիկէները խրախուսեց օրինակ հանդիսանալու քաղաքական ու քաղաքացիական աշխարհի մէջ, ի նպաստ հասարակաց բարիքի ծառայութեան, ի միտ ունենալով կառուցել աւելի արդար ընկերութիւն մը, աւելի մարդկային ու ամէն մէկ անհատի արժանապատուութիւնը յարգող ընկերութիւն մը։

Խօսքը ուղղելով եպիսկոպոսներուն ու քահանաներուն Սրբազան Քահանայապետը յորդորեց շրջանցել անցեալի անհասկացողութիւնները ու նուիրուիլ Աստուծոյ Ժողովուրդի ծառայութեան յանձնառու ըլլալով հաշտութեան ու միութեան գործընթացքի մէջ, ապա կոչ ուղղեց Չինացի կաթողիկէ երիտասարդներուն, համագործակցելու երկրին ապագայի կառուցումի գործընթացին, բոլորին տանելով Աւետարանի ուրախութիւնը, մինչ աշխարհի հաւացեալներէն խնդրեց որ աղօթքով ընկերանան Չինացի եղբայրներուն ու քոյրերուն, որոնք պէտք է զգան թէ այդ ուղեւորութեան մէջ  միայնակ չեն - գրեց Սրբազան Քահանայապետը որ նախ քան պատգամը աւարտելը  խօսքը ուղղեց նաեւ Չինաստանի Ժողովրդական Հանրապետութիւն Ղեկավարներուն նորոգելով հրաւէրը՝ վստահութեամբ շարունակելու սկիզբ առած երկխօսութիւնը, յաղթահարելու համար անցեալի ընդդիմութիւնները, որպէսզի «միասին գրենք նոր էջ մը» յատկանշուած գործնական համագործակցութեան հոգիով,  միասին կերտելու համար ընկերութեան համապարփակ զարգացումը եւ ապահովեցնելով մարդ անհատի աւելի մեծ յարգանք նաեւ կրօնական գետնի վրայ։

Չինացի կաթողիկէներուն ու Աստուծոյ Հայման Ժողովուրդին ուղղուած պատգամին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը Տիրոջմէ կը հայցէ խաղաղութեան պարգեւը ու Սուրբ Կոյս Մարիամի հովանին, Անոր յանձնելով Չինացի հաւատացեալներուն  ուղեւորութիւնը։

«Հսկէ անոնց վրայ եւ այնպէս ըրէ որ միացած հռչակեն Աւետարանը։ Անոնց քայլերը առաջնորդէ դէպի աւելի եղբայրական աշխարհ մը ու այնպէս ըրէ որ անոնք տանին ներումի ուրախութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը ու նամակը կ՛եզրափակէ ՝ «Քրիստոնէից օգնական Սուրբ Կոյս Մարիամէն հայցելով՝ Չինաստանի համար օրհնութեան եւ խաղաղութեան օրեր»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 12:00