«Երիտասարդները հարց մը չեն այլ կենսամիջոց» «Երիտասարդները հարց մը չեն այլ կենսամիջոց»  

Յառաջիկայ Սիւնհոդոսը նպատակ ունի ունկնդրել երիտասարդները. Ֆրանչիսկոս Պապ:

«Երիտասարդները հարց մը չեն այլ կենսամիջոց»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Լոյս  տեսաւ «Սիրելի եպիսկոպոս – 100 երիտասարդներ կը գրեն եւ եպիսկոպոսները կը պատասխանեն» խորագիրով հատորը որուն նախաբանը կը կրէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին ստորագրութիւնը։

«Երիտասարդները հարց մը չեն այլ կենսամիջոց» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը նախաբանին մէջ ակնարկելով մօտ օրէն գումարուելիք եպիսկոպոսական սիւնհոդոսին որ նուիրուած է երիտասարդներուն եւ ընդգծելով երիտասարդներու ձայնին մտիկ ընելու հարկաւորութիւնը։ «Եկեղեցին եւ ես առաջինը, եպիսկոպոսներուն հետ միասին, ընտրանք կատարեցինք մենք մեզ դնելու երիտասարդներու տրամադրութեան տակ, որովհետեւ կը հաւատանք թէ անոնք պէտք է միշտ աւելիով դառնան գործունեայ դերակատարներ, ոչ միայն իրենց կեանքին մէջ այլեւ եկեղեցւոյ կեանքին ներքոյ» դիտել կու տայ Սրբազան Քահանայապետը նշելով նաեւ թէ անոնց «միտքերուն, քննադատութիւններուն ու երազներուն մէջ կ՛արձագանգէ Աստուծոյ ձայնին շշունջը»։

Հատորին հեղինակ՝ Մարքօ Փափփալարտոյի հաւաքած նամակները, պատգամներն ու ել-նամակները, քաջարի, յստակ եւ ուղիղ հարցադրանքներ են որոնք երիտասարդ – տարեց տարածքը կը մօտեցնեն եւ որոնց մէջ պարունակուած է երիտասարդներուն խնդրանքը տարեցներուն՝ դժուարութեան ու կեանքի կարեւոր պահերու ընթացքին անոնց ցուցաբերելու մօտիկութիւն։

Քահանայապետը ապա դիտել կու տայ  թէ հատորին մէջ պարունակուած եպիսկոպոսներուն պատասխանները եւս համոզիչ են ու ասկէ մեկնելով  կը հաստատէ «եթէ փոքրիկ թիւով եպիսկոպոսներու խումբ մը, թոյլ տուաւ ներգրաւուիլ երիտասարդներու հարցերով, որքան աւելիով կարող ենք ընել մենք երբ բոլորս միասին կը համագործակցինք, կառուցելու համար ընկերութիւն մը, հասարակութիւն մը, որ երկխօսութեան մէջ է, ու կը գործէ թափանցիկութեամբ»։

Արդարեւ միասնական երազանքի բաժնեկցութիւնն է այդ, որպէսզի միասին քալենք, մեր կողքին ունենալով Յիսուսը, այնպէս ինչպէս պատահեցաւ դէպի Եմմաւուս գացող աշակերտներուն» եզրակացուց Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2018, 09:41