Նիքարակուայի եպիսկոպոսները Նիքարակուայի եպիսկոպոսները 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Նիքարակուայի անկախութեան տօնին առթիւ։

Յիսուս Քրիստոս՝ խաղաղութեան իշխանը, պարգեւէ եղբայրական հաշտութեան ու համերաշխ ու զօրակից համակեցութեան շնորհքը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յառաջիկայ 15 սեպտեմբեր 2018-ին Նիքարակուան  կը տօնախմբէ անկախութեան տարեդարձը որուն առթիւ Նիքարակուայի մօտ առաքելական նուիրակը՝ նախագահ Օրթեկային փոխանցած է Սրբազան Քահանայապետին պատգամը, որուն մէջ Ան «սիրելի երկրին բոլոր զաւակներուն կ՛ուղարկէ իր ողջոյնները, անոնց վստահեցնելով իր աղօթքները, որպէսզի Յիսուս Քրիստոս՝ խաղաղութեան իշխանը, անոնց պարգեւէ եղբայրական հաշտութեան ու համերաշխ ու զօրակից համակեցութեան շնորհքը»։

Յայտնենք թէ ամիսներէ է վեր Նիքարակուայի մէջ ստեղծուած է լարուած  իրավիճակ ուր կառավարութեան ընդդիմադիր ուժերը կը շարունակեն  ցոյցեր կազմակերպել մինչ Օրթեկա նախագահին համակիրները որպէս թիրախ ընտրած են կաթողիկէ եկեղեցին ու եկեղեցականները, որոնք յաճախ կ՛ենթարկուին յարձակումներու ու բռնարար արարքներու։  

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/09/2018, 08:29