Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը աշխարհի 20 հզօր երկիրներու միջկրօնային վեհաժողովին մասնակիցներուն

Մարդը, իւրաքանչիւր ընկերային եւ տնետեսական կեանքին, եւ հեղինակը եւ կեդրոնը եւ վերջն է:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի, սեպտեմբեր 24-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը պատգամ մը ուղղեց Պուէնոս Այրէսի մէջ գումարուած աշխարհի 20 հզօր երկիրներուն միջկրօնային վեհաժողովին մասնակիցներուն, որուն մէջ շնորհակալութիւն յայտնելով անոնց ու կազմակերպիչներուն, անդրադարձաւ վեհաժողովին նպատակին, որ է միջազգային հասարակութիւններուն շնորհել, զանազան աւանդութիւններու եւ կրօններու փորձառութիւնները, լուսաւորելու համար ընկերային նիւթերը՝ հայող բոլորիս:

Սրբազան Հայրը պատգամին մէջ դիտել կու տայ, որ կրօնները ՝ անկախ իրենց տարբերութիւններէն եւ տեսակէտերէն, առաջին կարգին պէտք են նպաստեն կառուցողական երկխօսութեան, գտնելու համար բոլորիս հայող ժամանակակից հարցերու լաւագոյն լուծումը:

Նորին Սրբութիւնը նկատել կու տայ որ երկխօսութիւնը, չի նշանակէր հրաժարիր մեր յատուկ ինքնութենէն այլ կը նշանակէ պատրաստակամ գտնուիլ ուրիշին հետ կապի մէջ մտնելու հասկնալու համար ուրիշին միտքը եւ յարգելու մարդկային յարաբերութիւնները այն համոզումով, որ ուրիշը ՝հարստանալու եւ աճելու առիթ է:

Սրբազան Հայրը ապա կ՝ընդգծէ կրօնի դերակատարութիւնը, դիտել տալով որ որեւէ տնտեսական եւ ընկերային զարգացում պէտք է նկատի առնէ մարդ էակի արժանապատուութիւնը այն համոզմունքով որ մարդը, իւրաքանչիւր ընկերային եւ տնտեսական կեանքին, եւ հեղինակը եւ կեդրոնը եւ վերջն է:

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտած է հրաւիրելով ժողովի մասնակիցները հոգ տանիլ ու պաշտպանել մեր հասարակաց տունը , դիտել տալով որ բոլորս, որպէս Աստուծոյ գործիքներ կրնանք միասնաբար աշխատիլ, արարչութեան խնամքի ու պաշտպանութեան ի խնդիր:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/09/2018, 13:00