Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան կրօնաւորներուն

Սրբազան Հայր գնահատեց փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան վեհանձն առաքելութիւնը, զոր կը կատարեն, ուղիղ կապ հաստատելով զանազան մշակոյթներու պատկան ժողովուրդներուն հետ, յատկապէս աղքատներուն ու տառապողներուն հետ:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Վատիկանի Քլեմենթինա անուան դահլիճին մէջ, ուրբաթ, սեպտեմբեր 14-ին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներ միաբանութեան աւելի քան 250 կրօնաւորներ, Հռոմի մէջ գումարած իրենց տարեկան ընդհանուր ժողովին առիթով:

Այս առթիւ կրօնաւորներուն ներկայացուցած գրաւոր պատգամին մէջ Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ Աստուծոյ հեզաբարոյ ու պարզ վարուելակերպին վրայ, հրաւիրելով կրօնաւորները որ իրենց կեանքին ու առաքելութեան մէջ որդեգրեն Աստուծոյ սոյն վարուելակերպը:

Ան ապա դիտել տալով իսկական մեծութիւնը կը կայանայ փոքրիկ ու ծառայ ըլլալու մէջ,քաջալերեց կրօնաւորները որ իրենց սրտի հեզութեամբ շարունակեն նպաստել Եկեղեցւոյ աւետարանումի յանձնառութեան:

Սրբազան Հայր ապա գնահատեց փոքրիկ եղբայրներու միաբանութեան վեհանձն առաքելութիւնը, զոր կը կատարեն, ուղիղ կապ հաստատելով տարբեր մշակոյթներու պատկան ժողովուրդներուն հետ, յատկապէս աղքատներուն ու տառապողներուն հետ:

Ան ապա յորդորեց կրօնաւորները, որ հետեւին Աստուածային Վարդապետի շուքին եւ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի օրինակին, քաջալերով զանոնք անշահախնդիր  ու հեզութեամբ ապրիլ իրենց հասարակաց կեանքի յարաբերութիւններն ու կրօնային գործունէութիւնները:

Սրբազան Հայրը մեծարեց Քափուչիններու փոքրիկ եղբայրներու միաբանութիւնը նկատելով զայն թանկարժէք եւ օգտակար պարգեւ ըլլայ եկեղեցւոյ ըլլայ մարդկութեան համար:

Ան Ապա քաջալերեց կրօնաւորները յարատեւելու իրենց առաքելութեան մէջ յորդորելով, որ չյուսալքուին դժուարութիւններուն դիմաց, որոնք շարքին եղբայրներու թիւի նուազումը:

Սրբազան Հայրը անդրադարձաւ ժամանակակից աշխարհին, որ մեծ հոգեւոր եւ բարոյական անկումի մէջ կ՝ապրի, խրախուսելով կղերականները չդադրիլ աղօթքի վարդապետներ ըլլալէ,  մշակելով զօրաւոր հոգեւորականութիւն:

Նորին Սրբութիւնը գրաւոր պատագամը աւարտած է բոլորին շնորհելով Իր առաքելական օրհնութիւնները:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/09/2018, 14:00