Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Սրբազան Քահանայապետը յիշեց «Վերոնքիա Անթալիի» երանացման արարողութիւնը։

22 սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Նէամբդ քաղաքին մէջ Երանելի պիտի հռչակուի Ֆրանչիսկեան Աշխարհականներու միաբանութեան անդամ Վերոնքիա Անթալը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 19 սեպտեմբեր 2018-ին, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային աւանդական ունկնդրութեան աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած բազմահազար հաւատացեալներուն ներկայացնելէ ետք օրուան խորհրդածութիւնը, Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակ ժամանած ուխտաւորները յայտնելով թէ յառաջիկայ 22 սեպտեմբերին, Ռումանիոյ Նէամբդ քաղաքին մէջ Երանելի պիտի հռչակուի Ֆրանչիսկեան Աշխարհականներու միաբանութեան անդամ Վերոնքիա Անթալը որ «1958-ին սպաննուեցաւ իր հաւատքին համար» - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հրաւիրելով «գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ՝ այս քաջ տիկնոջ համար, որ իր կեանքը պարգեւելով վկայեց իսկական սէրը՝ հանդէպ Աստուծոյ եւ եղբայրներուն»։

Սրբազան Քահանայապետը ապա յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, տարեցներուն ու հիւանդներուն խրախուսելով զանոնք քաջութեամբ ընթանալու միշտ դէպի Քրիստոս. «Միայն Անոր մէջ արդարեւ կը յայտնուի իսկական Հայրը՝ որ մեզի կը պարգեւէ շնորհքը դարձեալ ծնանելու վերէն»ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2018, 10:39