Ֆրանչիսկոս Պապ Եղբայր Էնցօ Պիանքի Ֆրանչիսկոս Պապ Եղբայր Էնցօ Պիանքի 

Քահանայապետին հեռագիրը Օրթոտոքս հոգեւորականութեան 26-րդ գիտաժողովին առթիւ։

Կարդինալ Փարոլին վստահեցուց Քահանայապետին աղօթքները ու գիտաժողովի մասնակիցներէն խնդրեց որ Զայն յիշեն իրենց աղօթքներուն մէջ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի՝ 5 սեպտեմբեր 2018-ին Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, յանուն Ֆրանչիսկոս Պապին գնահատական հեռագիր մը յղեց  Պոզէի հասարակութեան մեծաւոր Եղբայր Էնցօ Պիանքիին, ի տես օրթոտոքս Եկեղեցւոյ հետ համագործակցութեան կազմակերպուած Օրթոտոքս հոգեւորականութեան 26րդ գիտաժողովը որուն բնաբանն է «Զատորոշում եւ քրիստոնէական կեանք» ։

Պետքարտուղարը նշեց թէ Սրբազան Քահանայապետը դիտել կու տայ թէ իսկական զատորոշումը որ Սուրբ Պօղոս կը ներկայացնէ որպէս Սուրբ Հոգիին պարգեւ, դաստիարակուիլն է  Աստուծոյ համբերութեան ու անոր ժամանակներուն, որոնք մեր ժամանակները չեն, ուստի Նորին Սրբութիւնը կը մաղթէ որ այդ եղբայրական քննարկումներու օրերը խթանեն անձնական ու հասարակական զատորոշումի չափանիշերու փնտռտուքը, որոնք անհրաժեշտ են ձգտելու Աստուծոյ կամքին ճանաչողութեան, ուր կը բնակի ամէն կեանքի լիութիւնը։ 

Հեռագիրի աւարտին Կարդինալ Փարոլին  վստահեցնելով Ֆրանչիսկոս Պապին աղօթքները, գիտաժողովի մասնակիցներէն խնդրեց որ իրենց կարգին  աղօթքներուն մէջ յիշեն Սրբազան Քահանայապետը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/09/2018, 09:30