Ֆրանչիսկոս Պապի պատկերասփռուած պատգամը Պալթեան երկիրներու ճամբորդութեան նախօրեակին

Թէեւ կու գամ, որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ, կ՝ուզեմ բոլորդ ողջագուրել եւ ձեզի ընծայել խաղաղութեան, բարի կամքի, յոյս ապագայի յոյսի պատգամ մը:

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 20 սեպտեմբեր 2018-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ Պալթեան երկիներ կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նախօրեակին, լսատեսողական պատգամ մը յղեց այդ երկիներու հաւատացեալներուն։ Պատգամին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ըսաւ.

Սիրելի բարեկամներ,

Լիթուա, Լաթույիա եւ Էսթոնիա՝ Պալթեան երկիրներու այցելութեանս նախօրեակին, կը փափաքիմ իմ սիրալիր ողջոյնի խօսքս ուղղել ձեզի բոլորիդ՝ որ այդ երկիրները կը բնակիք:

Թէեւ կու գամ, որպէս կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովիւ, կ՝ուզեմ բոլորդ ողջագուրել եւ ձեզի ընծայել խաղաղութեան, բարի կամքի, յոյս ապագայի յոյսի պատգամ մը:

Իմ այցելութիւնս կը զուգադիպի ձեր երկիրներու անկախութեան հարիւր ամեակին, եւ բնականաբար առիթ է մեծարելու բոլոր անոնք, որոնց անցեալի զոհողութիւնները կարելի դարձուցին ներկայի ազատութիւնները: Ազատութիւնը, ինչպէս գիտենք-գանձ մըն է որ անընդհատ պէտք է պահպանուի եւ փոխանցուի, որպէս թանկարժէք ժառանգութիւն նոր սերունդներուն համար:

Խաւարային՝ բռնութեան եւ հալածանքին ժամանակներուն, ազատութեան ջահը չի մառիր այլ կը ներշնչէ ապագայի մը յոյսը, ուր Աստուծմէ իւրաքանչիւր անձի տրուած արժանապատուութիւնը, յարգուի եւ բոլորս կանչուած կը զգանք համագործակցելու արդար եւ եղբայրական ընկերութիւն մը կերտումին:

Այսօր այդ հասարակաց բարիքին ի նպաստ զօրակցութեան եւ ծառայութեան զգացումը, աւելի քան երբեք անհրաժեշտ է: Կը մաղթեմ որ իմ այցելութիւնս քաջալերանքի աղբիւր դառնայ ,բարի կամք ունեցող բոլոր մարդոց, որոնք անցեալէն ժառանգած հոգեւոր եւ մշակութային խորին արժէքներէն ներշնչուած, խաղաղութեամբ կ՝աշխատին ամոքելու համար կարիքի մէջ գտնուող մեր եղբայրներու եւ քոյրերուն տառապանքները, ինչպէս նաեւ բոլոր մակարդակի վրայ ընկերութեան մէջ խթանելու խաղաղութիւնն ու համերաշխութիւնը:

Քաջ գիտեմ, որ ձեզմէ շատերը աշխուժօրէն կ՝աշխատին պատրաստելու համար իմ այցելութիւնս, ու անոնց սրտանց շնորհակալութիւն կը յայտնեմ:

Բոլորիդ կ՝ապահովեմ ին մօտիկութիւնս աղօթքի միջոցաւ եւ կը շնորհեմ իր օրհնութիւնս:

Եւ ձեզմէ կը խնդրեմ հաճեցէք աղօթել ինծի համար: Աստուած օրհնէ ձեզ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2018, 19:30