Ֆրանչիսկոս Պապ Լաթուիայի նախագահին հետ Ֆրանչիսկոս Պապ Լաթուիայի նախագահին հետ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Լաթուիայի քաղաքական իշխանութիւններուն յղած պատգամը:

Լաթուիան կարողացաւ «անցեալի լացը փոխել երգի ու պարի» ու ջանք դափեց դառնալու՝ երկխօսութեան եւ հանդիպումի վայր մը ու վայր խաղաղ համակեցութեան:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 24 սեպտեմբեր 2018-ի առաւօտեան, Լաթուիայի մայրաքաղաք Ռիկա ժամանումէն ետք ու Լաթուիայի Նախագահին հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ռիկայի նախագահական պալատի պաշտօնական դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ քաղաքական, քաղաքացիական ընկերութեան եւ դիւանագիտական մարմնի անդամներուն հետ, որուն ընթացքին Նախագահին արտասանած բարի գալուստի խօսքէն ետք պաշտօնական ելոյթ ունեցաւ նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ներկաներուն փոխանցելով իր պատգամը որուն մէջ ուրախութիւն յայտնելէ ետք Լաթուիան այցելելուն համար նշեց թէ ինք կը գտնուի քաղաքի մը ու երկրի մը  մէջ որ յատկանշուեցաւ ընկերային, քաղաքական, տնտեսական ու նաեւ հոգեւոր տագնապներով, անցեալի բաժանումներու եւ հակամարտութիւններու պատճառաւ եւ որ  այսօր դարձաւ մշակութային, քաղաքական ու շրջանի նաւահանգստային առաջնահերթ կեդրոններէն մին»։

Ակնարկելով ապա Լաթուիայի արուեստական մշակոյթին ու յատկապէս երաժշտական ասպարէզին, Նորին Սրբութիւնը գնահատեց այդ իրականութիւնը դիտել տալով թէ Լաթուիան կարողացաւ «անցեալի լացը փոխել երգի ու պարի» ու ջանք դափեց դառնալու՝ երկխօսութեան եւ հանդիպումի վայր մը ու վայր խաղաղ համակեցութեան մը՝ որ կը ջանայ միշտ դէպի յառաջ նայիլ - ըսաւ Քահանայապետը անդրադարձ կատարելով նաեւ երկրին անկախութեան 100 ամեակին ու մատնանշելով այդ անկախութեան ու ազատութեան ձեռքբերումին համար մղուած պայքարին շնորհիւ նաեւ Լաթուիացիներու  արմատներուն, ըսաւ Ան, որոնք կը ձգտին նայիլ միշտ դէպի բարձր հորիզոնները ու մեզի կը յիշեցնեն ամէն մէկ մարդ անհատի ամբողջական մաս կազմող անգերազանցելի արժանապատութինը,  առանց որուն կարելի պիտի չ՛ըլլար կառուցել երկիրը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս հոգեւոր կարողութիւնը՝  նայելու աւելի անդին որ շօշափելի կը դառնայ առօրեայի զօրակցութեան, կարեկցութեան ու փոխադարձ օգնութեան փոքրիկ արարքներու մէջ, ձեզի թիկունք կանգնեցաւ ու ձեզի պարգեւեց պէտք եղած ստեղծագործութիւնը՝ կեանք տալու նոր ընկերային ուժականութեան մը, ի դէմ  բացառումի բոլոր սպառնալիքներուն» ըսաւ Սրբազան Հայրը ուրախութիւն յայտնելով նաեւ որ այդ արմատներու սրտին մէջ կը գտնուի նաեւ Կաթողիկէ Եկեղեցին որ՝ այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու հետ  համագործակցութեամբ կը դառնայ նշան, թէ նոյնիսկ տարբերութիւններու մէջ՝ կարելի է խթանել հաղորդութիւնը։

«Այս կը նշանակէ  նաեւ թէ ամէն անգամ որ որպէս անհատներ կամ հասարակութիւն կը ձգտինք նայելու մակերեսէն անդին  ու կը հրաժարինք  մեր շահերը հետապնդելէ՝  հասկացողութիւնն ու փոխադարձ յանձնառումը կը փոխակերպուին ու կը դառնան զօրակցութիւն, ըմբռնուած իր ամենախոր իմաստով, որ կը  դառնայ նոր կերպ մը՝ կերտելու պատմութիւնը, միջավայրի մը մէջ ուր հակամարտութիւններն ու լարուածութիւնները կարող են յանգիլ բազմակերպ միութեան մը, որ կը ծնի նոր կեանք» յարեց Սրբազան Պապը նշելով թէ այնպէս ինչպէս անցեալին մէջ, այսօր եւս Աւետարանը կարող է բանալ նոր ճանապարհներ դիմագրաւելու համար մարտահրաւէրները, արժեւորելով տարբերութիւնները ու յատկապէս հաղորդութիւն խթանելով բոլորին միջեւ։

«Գործել ազատութեան համար կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ մարդու ու հասարակութեան համապարփակ ու ներգրաւող զարգացումին ի նպաստ» ըսաւ ապա Ֆրանչիսոս Պապ ակնարկելով  տեղի ունեցած   հանդիպումէն ետք «Ազատութեան Յուշարձան» կատարելիք այցելութեան ուր ներկայ պիտի ըլլան՝ մանուկներ, ընտանիքներ ու երիտասարդներ, որոնք մեզի կը յիշեցնեն թէ Լաթուիայի մայրութիւնը - որ պարփակուած է ճամբորդութեան նշանաբանին մէջ – իր արձագանքը կը գտնէ ծրագիրներ խթանելու կարողութեան մէջ,  ծրագիրներ որոնք ըլլան իսկապէս գործնական ու կեդրոնացած այդ ընտանիքներու դիմագիծերուն վրայ, տարեցներու, մանուկներու ու երիտասարդներու դիմագիծերուն վրայ  եւ ոչ թէ տնտեսութեան առաջնութեան վրայ - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ  «Լաթուիայի մայրութիւնը կը բացայայտուի նաեւ աշխատանք ստեղծելու կարողութեան մէջ, որպէսզի եւ ոչ մէկը ստիպուի արմատախիլ ըլլալ իր հողէն, ապագայ մը կառուցելու համար»։

«Մարդկային զարգացումին ցուցանիշը կը չափուի նաեւ աճելու եւ կրկնապատկուելու կարողութենէն ու ընկերութիւններու զարգացումը կարող չէ չափուիլ  սեփականութեան ու կենսամիջոցներու հարստութեան չափանիշով այլ կեանք պարգեւելու ու ապագայ ստեղծելու կարողութենէն» ըսաւ ապա Քահանայապետը հաստատելով թէ այս մէկը կարելի կ՛ըլլայ այնքանով որքանով արմատացում կայ անցեալին մէջ, ստեղծագործութիւն ներկայի մէջ եւ վստահութիւն ու յոյս ապագայի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ճառը աւարտեց ներկաներուն հաղորդելով թէ այստեղէն կը սկսի երկրին տուած  իր ուխտագնացութիւնը ապա Աստուծմէ հայցեց որ շարունակէ առաջնորդել,  օրհնել ու բարգաւաճ դարձնել անոնց ձեռքերով կերտուած երկիրը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2018, 08:43