Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ հրաժեշտ առաւ Էսթոնիայէն վերջ տալով առաքելական 25-րդ ճամբորդութեան։

Սրբազան Քահանայապետին Հռոմ ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 20.20 անց Չամփինօ օդակայան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ, նախ քան աւարտական օրհնութիւնը ու Լիթուա, Լաթուիա եւ Էսթոնիա կատարած առաքելական ճամբորդութեան եզրափակումը, կը փափաքիմ իմ երախտագիտութիւնս յայտնել ձեզի բոլորիդ, սկսեալ Էսթոնիայի առաքելական հոգաբարձուէն։ Շնորհակալութիւն ձեզի հիւրընկալութեան համար, որ  եղաւ մեծ սրտով փոքրիկ հօտի մը արտայայտութիւնը։ Կը նորոգեմ նաեւ երախտագիտութիւնս Տիկին Նախագահին ու երկրին իշխանութիւններուն։ Յատուկէն կը յիշեմ բոլոր քրիստոնեայ եղբայրները ու յատկապէս լուտերականները, որ ըլլայ Էսթոնիայի մէջ ըլլայ Լաթուիայի մէջ հիւրընկալեցին համամիութենական հանդիպումները։ Թող որ Տէրը շարունակէ մեզ ուղղել հաղորդութեան ճանապարհին վրայ։ Շնորհակալութիւն բոլորին»։

Թալլինի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ մատուցած սուրբ պատարագի աւարտին արտասանած այս խօսքերով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը վերջ տուաւ Քահանայապետութեան միջազգային առաքելական 25-րդ ճամբորդութեան, որ սկիզբ առած էր անցեալ 22 սեպտեմբերին եւ որ զինք առաջնորդեց այցելելու՝ Պալթեան երկիրները, Լիթուան, Լաթուիան եւ Էսթոնիան։

Ֆրանչիսկոս Պապ Թալլինի մէջ (Տեսանիւթ)

Սուրբ Զոհէն ետք Նորին Սրբութիւնը փոխադրուեցաւ Թալլինի միջազգային օդակայան եւ այնտեղ կայացած հրաժեշտի պաշտօնական արարողութեան աւարտին օդանաւ բարձրանալով վերադարձ կը կատարէ Հռոմ, ուր ժամանումը նախատեսուած է երեկոյեան 20.20 անց Չամփինօ օդակայան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/09/2018, 16:24