Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին Աստուծոյ Ժողովուրդին ուղղուած նամակ։

Նամակը կը հայի մանկապղծութեան ոճիրին որ կը յառաջացնէ «վէրքեր ու ցաւ» որոնց համար երբեք բաւարար չէ ներողութիւն խնդրելը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 20 օգոստոս 2018-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին նամակ մը ուղղուած Աստուծոյ համայն ժողովուրդին որուն մէջ ան հրաւէր կ՛ուղղէ հաւատացեալներուն աղօթելու եւ ծոմ պահելու որպէսզի Տէրը արթնցնէ մեր խիղճերը, մեր զօրակցութիւնն ու յանձնառումը ի նպաստ պաշտպանութեան մշակոյթի մը ու «այլեւս ոչ երբեք» պահանջի մը հանդէպ ամէն տեսակի բռնութեան ու պղծութեան։

Նամակը  կը հայի մանկապղծութեան ոճիրին որ՝ կը գրէ Քահանայապետը, կը յառաջացնէ «վէրքեր ու ցաւ» որոնց համար երբեք բաւարար չի կրնար ըլլալ ներողութիւն խնդրելը։

«Զոհերու ու անոնց ընտանիքներուն ցաւը մեր ցաւն է եւ ասոր համար հարկաւոր է անգամ մը եւս վերահաստատել մեր յանձնառումը ի պաշտպանութիւն  անչափահասներուն» կը գրէ միշտ Սրբազան Պապը իր նամակին մէջ անդրադառնալով վերջին օրերուն հրապարակուած մէկ տեղեկագիրին որուն մէջ պարունակուած է առ նուազն հազար հոգիներու դժբախտ փորձառութիւնը, որոնք եօթանասուն տարուայ ընթացքին  թիրախ դարձան քահանաներու կողմէ գործադրուած սեռային չարաշահումներու։

«Նոյնիսկ եթէ այդ հարցերու մեծամասնութիւնը պատահած են անցեալի մէջ,  այդ վէրքերը չեն անհետանար, ու այս մէկը մեզ կը մղէ անվերապահօրէն դատապարտելու այդ  վայրագութիւնները որովհետեւ այդ զոհերու ցաւը ճիչ մըն է որ կը բարձրանայ դէպի երկինք եւ որ կը դպչի հոգիին եւ որ երկար ժամանակուայ համար մնաց անտեսուած, թաքնուած ու կամ պարտադրուած լռութեան։ Այս ցաւին աղաղակը սակայն աւելի զօրեղ էր այդ լռութեան պարտադրութենէն։ Աղաղակ որ Տէրը լսեց ու մեզի ցոյց տուաւ շիտակ ճամբան։ Ուստի ապաշխարութեամբ եւ ամօթով, որպէս Եկեղեցական հասարակութիւն, ընդունինք թէ չի գիտցանք գործել պէտք եղածին պէս, հասկնալով այդ վնասին ծանրութիւնը։ Անտեսեցինք ու իրենց ճակատագրին թողուցինք մանուկները եւ այսօր կոչուած ենք՝ որպէս Աստուծոյ Ժողովուրդ, մեր վրայ առնելու մեր եղբայրներուն տառապանքն ու մարմնաւոր եւ հոգեւոր վէրքերը, անոնց ցուցաբերելով գործնական զօրակցութիւն, նախ ի յայտ դնելով ամէն մէկ անհատի ամբողջականութեան սպառնացող վտանգը, պայքարելով ամէն տեսակի կաշառակերութեան դէմ, յատկապէս  հոգեւոր կաշառակերութեան դէմ, ապա տարածելով «զեռօ հանդուրժողականութեան» գաղափ առը։ Մենք շատ ուշացանք այս արարքները կատարելու մէջ սակայն վստահ եմ որ անոնք մեզ պիտի օգնեն ապահովելու պաշտպանութեան աւելի մեծ մշակոյթ մը» կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով «Աստուծոյ հաւատացեալ ժողովուրդը աղօթելու եւ ծոմ պահելու որպէսզի Տէրը արթնցնէ մեր խիղճերը, մեր զօրակցութիւնն ու յանձնառումը ի նպաստ պաշտպանութեան մշակոյթի մը ու «այլեւս ոչ երբեք» պահանջի մը հանդէպ ամէն տեսակի բռնութեան ու պղծութեան»։

Սրբազան Հայրը կը դատապարտէ  ապա կղերապաշտութեան» ախտը որ կը «նուաստացնէ քրիստոնեային անձնականութիւնը ու կը ջանայ թերագնահատել Սուրբ Մկրտութեան շնորհքը՝ որ Սուրբ Հոգին զետեղեց մեր սրտերուն մէջ։

«Կղերապաշտութիւնը արդարեւ բաժանում կը յառաջացնէ եկեղեցական մարմնին մէջ ու այս մէկը կը նպաստէ աճեցնելու այն չարիքները զոր այսօր կը դատապարտենք» կը գրէ Քահանայապետը ու կը հաստատէ «Ոչ ըսել չարաշահումին, կը նշանակէ ոչ ըսել որեւէ կղերապաշտութեան ձեւին»։ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա կը մատնանշէ մանկապղծութեան ոճիրը արմատախիլ ընելու պայքարի մասին, որ հարկաւոր է կատարել որպէս մէկ ժողովուրդ ու Եկեղեցւոյ անդամ, շեշտելով այդ պայքարին մէջ իւրաքանչիւրիս մասնակցութիւնը։

«Ներողութիւն խնդրենք մեր եւ մեր շուրջիններուն գործած մեղքերուն համար» կը գրէ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ մեղքին գիտակցիլը մեզ կ՛օգնէ ճանչնալու սխալները ու պատճառած վէրքերը ու մեզ կը մղէ աւելիով յանձնառու ըլլալու վերանորոգուած ապաշխարութեան ճանապարհի մը ուղղութեամբ։

Աղօթքն ու ծոմապահութիւնը մեզ կ՛օգնեն մեր սրտերն ու աչքերը զգայուն դարձնելու ուրիշներու ցաւին ու բանալու մեր ականջներն ու հայեացքը  մանուկներու լռելեան տառապանքին, ինչպէս նաեւ մեզ կը մղեն քալելու ճշմարտութեան ուղիին վրայ՝ ունենալով արդարութեան ծարաւը» կը գրէ հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նամակը կ՛աւարտէ հրաւիրելով մեր աչքերը սեւեռելու Աստուածամօր՝ մեր Մայրը, որպէսզի մեզի սորվեցնէ ինչպէս վարուիլ անմեղի մը տառապանքին դիմաց։

«Թող որ Սուրբ Հոգին մեզի պարգեւէ ապաշխարութեան շնորհքը որպէսզի այս մանկապղծութեան ոճիրին դիմաց, արտայայտենք մեր ապաշխարութիւնը ու անոր դէմ պայքարելու մեր վճռակամութիւն քաջութիւնը» կը գրէ Սրբազան Պապը եզրափակելով նամակը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/08/2018, 13:00